Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Եղբայր, եթէ մէկէ մը հիասթափուիս, պիտի աւելի սեղմ կանգնիս անոր կողքին ու առիթէն օգտուելով անոր յայտնես նեղութեանդ պատճառը ու այդ անձը փորձես մեղայի բերել». «Ասպարեզ»

Մարտ 26,2024 11:02

Երբ Սերժ Սարգիսեանի իշխանութեան դէմ այնպէս կոչուած՝ թաւշեայ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ, բազմահազար ցուցարարներու մասնակցութեամբ, Սերժը խոհեմութիւնը ունեցաւ իշխանութենէն հրաժարելու, քանի որ երկիրը կ՛երթար դէպի քաղաքացիական պատերազմ կամ այդ ահագնութեամբ բախումներու…

Գազազած էր ամբոխը:

Հայութիւնը՝ հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, շունչերը բռնած սպասեց լաւագոյն վաղուան: Իշխանափոխութիւնը երկրէն ներս տիրող սովետէն ժառանգուած փտախտը պիտի վերացնէ՞ր ու երկիրը յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէ՞ր բոլոր ճակատներու վրայ:

Անկեղծ ասաց, փտախտը մասամբ մաքրուեցաւ, որու համար պէտք է գնահատել ներկայ իշխանութիւնները: Տնտեսութիւնը վերելք արձանագրեց, ընդունինք թէ ոչ: Շինարարութիւնը զարգացաւ: Զբօսաշրջութիւնը նոյնպէս որոշ աճ արձանագրեց: Նոր աշխատատեղիներ բացուեցան:

Բոլոր դրական այդ երեւոյթներու դիմաց, արտաքին քաղաքականութիւնը տուժեց: Գրեթէ անէացաւ: Դիմագիծ փոխեց ու իբրեւ արդիւնք, Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ դրդումով եւ ինչու չէ նաեւ անոր օրհնութեամբ ու զօրակցութեամբ, պատերազմ յայտարարեց, զոյգ մը յարձակումներ գործեց եւ հայկական դարաւոր հողերը խլեց:

Փաշինեանի իշխանութեան տակ ոչ միայն Արցախը թշնամիին նուէր տրուեցաւ, ոչ միայն 120 հազար արցախցի անտունի դարձան, այլ նաեւ գլխատուեցաւ անոր ղեկավարութիւնը: Ու այս բեմագրութեան դիմաց, անհասկանալի կու գայ սփիւռքահայուն, Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան մեղսակից լռութիւնը:

Աստուծոյ սիրոյն, եթէ պահ մը մոռնանք Արցախն ու անոր ժողովուրդին ողբերգութիւնը, հապա Ռուսիոյ հանդէպ կիրարկուած տղայական վերաբերմո՞ւնքը: Դաս առնենք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանէն, որ դիւանագիտութիւնը լարախաղացութեան հասցուցած է, իր լպրծուն քաղաքականութեամբ բոլորին հետ լեզու գտնելով: Այդ ըսելով չենք իտէալացներ Էրտողանի դիւանագէտի կառուցուածքը, սակայն անոր չափազանցութիւններէն գուցէ բան մը սորվին մեր երկրին ազգընտիրները… Թէ ինչպէ՜ս անիկա Ռուսիոյ հետ լեզու գտաւ Ուքրանիոյ ցորենը ազատ շուկայ հանելու…

Տակաւին մեր մտքին մէջ կենդանի է անհեթեթութիւն բուրող այն պատկերը, երբ պարոն Փաշինեան ԵԱՀԿ մէկ ժողովին, անոր ղեկավարութեան հետ լուսանկարուելու պահուն, մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահեց Ռուսիոյ նախագահ Փութինէն, իբր թէ անկէ հիասթափուած ըլլալու խօսուն մէկ քայլ է, կամ ալ միջազգային հասարակութեան առջեւ անոր երեսին տրուած ապտակ:

Եղբայր, եթէ մէկէ մը հիասթափուիս, պիտի աւելի սեղմ կանգնիս անոր կողքին ու առիթէն օգտուելով անոր յայտնես նեղութեանդ պատճառը ու այդ անձը փորձես մեղայի բերել: Յատկապէս երբ անիկա քեզ Թուրքիայէն լաւ-գէշ պաշտպանող գերպետութեան մը նախագահն է: Չենք հասկնար մանկամիտ, անհեթեթ այդ արարքին դիւանագիտական իմաստն ու տարողութիւնը:

Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕի հետ գաղտնօրէն սիրաբանելով հանդերձ, ժամանակը չէր Ռուսիան մեզի դէմ լարելու… Տղայական այդ արարքին գինը հայութիւնը շատ սուղ կրնայ վճարել, եթէ խելքի չգանք սիրելի պարո՛ն վարչապետ:

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031