Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը եկած էր պարտադրելու ՆԱԹՕ-ի ճամբու քարտէսը՝ Կովկասի այս շրջանին համար. «Հայրենիք»

Մարտ 23,2024 09:55

Հեւքոտ աշխատանքի լծուած է ՆԱԹՕ-ն, կիզակէտ ունենալով Կովկասեան բարձրաւանդակը։ Ունի լծակիցներ, առաջին հերթին՝ Եւրոպական միւթիւնը:

Բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ անձնաւորութիւններ աննախընթացօրէն յաճախակի դարձուցած են տարածաշրջան այցելութիւնները: Խորապատկերը կը կազմեն Ուքրայինայի ներկայ վիճակն ու նորագոյն զարգացումները, զուգահեռաբար՝ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:

Նորագոյն փութացողն էր ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Ենս Սթոլթընպերկ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ։ Ան եկած էր պարտադրելու ՆԱԹՕ-ի ճամբու քարտէսը՝ Կովկասի այս շրջանին համար, եւ խանդավառ գնորդներ գտաւ գրեթէ ամէն տեղ:

Ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կատարելու պէտք չկայ, ո՛չ ալ քննական մտածողութեան կարիք կայ, տեսնելու ու հասկնալու թէ Սթոլթընպերկ եւ ուրիշներ ի՞նչ ծրագիրներ կը հետապնդեն մեր հայրենիքին շուրջ։ Պարզ ու յստակ է. ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը կ’ըսէ, կը կրկնէ ու կը պահանջէ՛, որ Հայաստան պէտք է հեռաւորութիւն ստեղծէ Ռուսիոյ հետ, զուգահեռաբար՝ յառաջ երթայ Հայաստանի մերձեցումը Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ին հետ։ Իսկ Հայաստանի իշխանապետը, չորս-բոլորը գտնուող երկիրներուն վարիչները մանուկ սեպելով, հաւաստիք կու տայ, թէ Արեւմուտքին հետ Հայաստանի մերձեցման քայլերը (իմանալ նաեւ՝ Ռուսիոյ հետ իրողական թշնամութիւնը) որեւէ մէկուն դէմ չէ: Եւ այդ «մանուկներ»-ուն շարքին է… հարաւի սահմանակից Իրանը:

Պաքուի մէջ, Սթոլթընպերկի յայտարարութիւնները վտանգաւոր էին եւ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանան։

Տարաշածրջանէն ներս խաղաղութիւն քարոզելով՝ Սթոլթընպերկ հմտօրէն օգտագործեց իր քաղաքականութեան հարթակի վերլուծումները եւ իր խօսակիցները ծուղակը ձգելով, կրցաւ յաւելեալ հաստատ երաշխիքներ ստանալ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, թէ երկար տարիներու հակամարտութենէ եւ պատերազմներէ ետք, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հասած են խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու եւ ստորագրելու սեմին։

Նոյն յանկերգը կը տարածէ Ատրպէյճան: Այսպէս՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի երկար տարիներու «ապարդիւն գործունէութիւն»-ը խստիւ քննադատելով եւ շարունակ «հայերու կողմէ Արցախի բռնագրաւման» եզրոյթը գործածելով, Ալիեւ, տարուելով Սթոլթընպերկի փաղաքշական խօսքերէն՝ շեշտեց, թէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի։

Կայ աւելին: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Հասանովի հետ տեսակցութեան պահուն, Սթոլթընպերկ յաւելեալ վառելանիւթ թափեց կրակին վրայ, միաժամանակ լուռ պատգամ մը յղելով Հայաստանին. ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բանակներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Կասկած կը մնա՞յ: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՜ս՝ ափ աշքարայ կը հաստատուի Արցախի դէմ սարքուած դաւն ու դաւին հեղինակ(ներ)ը: Աւելորդ է կրկին ու կրկին շեշտելը, թէ նմանօրինակ հաստատումներու միտք բանին եւ նպատակները ըմբռնելու համար, մէկը պէտք չունի քննական խոր մտածողութիւն: Ամէնէն հասարակ մահկանացու հայորդին իսկ մտքի բաւարար ուժը ունի հասկնալու անցած-դարձածը, բացի… դաւադրութեան մասնակից իշխանաւորներէն, որոնք, բնականաբար, յամառօրէն կը հետապնդեն իրենց անձնական ու նեղ-խմբակային շահերը եւ իրենց ուրոյն տրամաբանութիւնը ունին հասկնալու այս բոլորը, դաւին մասնակից են «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի մաշած ձայնապնակը հնչեցնելով:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031