Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) հիմնուած է 1918-ին, Հայ աւետարանական միութեան արեւելեան նահանգներու տարեկան համաժողովին: Այդ օրերուն անոնց կիզակէտն էր Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնութեան ձեռք երկարել: Այսօր ԱՀԱԸ շուրջ 24 երկիրներու մէջ կը գործէ եւ կ’օժանդակէ բոլոր հայ կարիքաւորներուն:
ԱՀԱԸ-ի Արցախի մէջ գործունէութեան մասին իրազեկ դառնալու համար ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեանի հետ «Հորիզոն»ի հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ սփիւռքահայ այս բարեգործական կազմակերպութիւնը Արցախի առաջին պատերազմէն անմիջապէս ետք, 1995 թուականին, գրասենեակ հիմնած է Ստեփանակերտի մէջ, եւ այնուհետեւ յառաջիկայ ամիսներուն, տարածուելով Արցախի ամբողջ տարածքին, հասած է Մարտակերտ, Ասկերան, Շուշի եւ Հադրութ, ուր իր սրբազան առաքելութիւնը եղած է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Վիկտոր Կարապետեան, որ Արցախի ծնունդ է, եւ իր հայրենի բնօրրանն է Արցախ աշխարհը, անդրադառնալով դարաւոր պատմութիւն ունեցող Արցախի մասին, որ գոյութիւն ունեցած է, որպէս հայկական բնակավայր տակաւին Ուրարտուի օրերէն, տակաւին 7-րդ դարէն Ն.Ք., միշտ ալ հայերով բնակուած է, կըսէ, եւ դիմակայած է թշնամիներու արշաւանքներուն՝ պարսիկներուն, արաբներուն, մոնկոլներուն եւ թուրքերուն կողմէ: Այսօր այս զարգացած ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր կը գործեն միջազգային հսկայածաւալ մարդասիրական կազմակերպութիւններ, աչք փակուեցաւ եւ չլսուեցաւ աղաղակը ամբողջ ժողովուրդի մը, որ կ’ենթակուի անմարդկային ահաւոր վերաբերմունքի:
Կարապետեան կը յայտնէ, թէ կեանքին մէջ նման ծանրագոյն որոշում մը առնելու պարտադրանքին տակ չէ եղած եւ չէր պատկերացներ, որ օր մը նման որոշում պիտի կայացնէ դուրս գալու մեր հայրենիք Արցախէն, բայց կը շեշտէ, թէ ինք դուրս եկած է միայն ետ վերադառնալու յոյսով ու խոստումով:
Կարդացեք նաև
Ան կը շեշտէ, թէ յոյսը չէ մարած 120,000 արցախահայութեան մօտ, վստահութիւնը միանշանակ է, եւ կը վստահեցնէ, թէ վերջերս ընկերակցութեան հրաւէրով երբ կ’այցելէ սփիւռքի տարբեր հատուածներ, այդ յոյսը վառ կը տեսնէ նաեւ սփիւռքահայութեան մօտ, հաւատալով թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մեր ժողովրդին:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: