Արցախահայութեան կողքին գտնուելու եւ գործնապէս զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով՝ յունահայութիւնը իր նպաստը բերաւ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դրամահաւաքին։ Շուրջ երեք ամիս տեւած դրամահաւաքով, բայց նաեւ միօրեայ ծաւալուն հեռաձայնային արշաւով մը (Ֆոնեթոն), միացեալ յանձնախումբի կամաւոր ընկերներու մասնակցութեամբ, կարելի եղաւ 37,685 եւրոյի գումարը ապահովել։
Խոստացուած նուիրատուութիւններու գանձումէն ետք, գումարը պիտի փոխանցուի Հ.Օ.Մ.-ին, ծառայելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդի անապահով ընտանիքներուն, տրամադրուած բնակարաններու վերանորոգման, նաեւ կենցաղային պայմաններու բարելաւման միտող գոյքերու տրամադրման։ Դրամահաւքէն գոյացած գումարը լաւագոյնս օգտագործելու եւ Արցախի ժողովուրդին համար բարենպաստ կենցաղային պայմաններ ապահովելու նպատակով՝ արդէն խորհրդակցութեան ու կապի մէջ ենք Հ.Օ.Մ.-ին հետ, իրենց հաւաստիացնելով, թէ յունահայութիւնը իր բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը երբեք չի զլանար Արցախահայութեան զօրակցութեան սրբազան գործին:
Կարդացեք նաև
Մեր հայրենակիցները, ինչպէս նաեւ յոյն բարեկամներ, աւելի քան պատրաստակամ գտնուեցան մասնակցելու եւ իրենց ներդրումը բերելու Արցախահայութեան ի նպաստ դրամահաւաքին։ Այս նպատակին ծառայեցին նաեւ յունահայ միութենական կառոյցներու կողմէ տրամադրուած գումարներ, որ հասոյթաբեր ձեռնարկներէ գոյացան եւ այս նպատակին համար յատկացուեցան։ Ջերմ շնորհակալութիւն բոլոր մեր հայրենակիցներուն եւ յոյն բարեկամներուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ՝ Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն ու ծրագիրներուն իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը բերելով:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւն