Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ազերիները արդէն իրենց երկիրը կը սեպեն Հայաստանը եւ կը փորձեն մնացեալ պատառը կուլ տալ եւ զայն կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»․ «Հայրենիք»

Մարտ 16,2024 09:40

Պայքարողն ու նպատակները կարծէք թէ փոխուած են։
Խօսքը Երեւանի իշխանաւորներուն մասին է: Ո՛չ միայն փոխուած, այլ տարբեր կողմ անցած եւ ազգութիւն փոխած են։
Զարմանալի ակնասեւեռում։ Լա՛ւ ու մօտէն նայեցէ՛ք ու սերտեցէ՛ք։ Հայորդիին համար, այս քարտէսը առանց վէճի իր հայրենիքն է, որ բազմիցս շերտ առ շերտ խլուած է, վերջինը՝ Արցախը։ Յաւելեալ բծախնդրութեամբ դիտելով՝ ոչ մէկ բան հասկնալի է նշուած գրութիւններէն։
Ազերիները արդէն իրենց երկիրը կը սեպեն Հայաստանը եւ կը փորձեն այս անգամ մեծ շերտ մը, աւելի ճիշդը՝ մնացեալ պատառը կուլ տալ եւ զայն կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։

Տեղանուններն ալ աղաւաղուած ու տարբեր անուններով օժտուած են։
Տաւուշի ու Արարատի մարզերու շրջապատուած կարգ մը հողամասերը՝ անկլաւները Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանաչելու մասին չէ խօսքը։ Հայաստանը ամբողջութեամբ կը նկատուի ատրպէյճանական անկլաւ մը։ Որսորդին նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, մանաւանդ երբ նոյնինքն որսը չի գիտակցիր, չ’ըմբռներ, թէ նմանօրինակ գաղափարի մը իրականացումը ճանացուածի վերածել «խաղաղութեան ճանապարհ» չնաշխարհիկ «գիւտը»։ Եւ արդէն կը տեսնենք, որ անոր մասին նուազ յաճախ կը խօսին գիւտարարները…
Պաքու ժամանողը կրնայ վայելել ասպնչականութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հետազօտութիւններու Կեդրոն»-ին, որ կը գտնուի քաղաքի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ, ուր վերջերս կատարուած է այս հիմնարկին պաշտօնական բացման արարողութիւնը։

Վիթխարի է այդ կեդրոնին մէջ զետեղուած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի ամբողջական քարտէսը, իր ազերիաթրքերէն տեղանուններով։
Բացման արարողութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական պաշտօնատարներ եւ խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ համալսարանին վարչական կազմը։ Անոնց միտք բանին եւ յորդորանքը միեւնոյնն էր․- «Մեր հայրենիքի անբաժան մասն է Արեւմտեան Ատրպէյճանի տարածաշրջանը»։

1989-էն ի վեր կը գործէր «Ատրպէյճանի Պատսպարեալներու ընկերակցութիւնը» (“Azerbaijan Refugee Society”), որուն կիզակէտը Արցախէն հեռացած ազերիներն էին։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Օգոստոս 2022-էն ի վեր, այս հիմնարկին անունը փոխուած է եւ կը կրէ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Համայնք» (“Azerbaijan Refugee Society”) անունը։
Նոյնիսկ լսատեսողական պատրաստութիւններ կան, որոնց մէջ կը բացատրուի, թէ ներկայ Հայաստանը պատմականօրէն կը պատկանի Ատրպէյճանի։ Արդեօք ո՞ր պատմագէտը պիտի հաւատայ նմանօրինակ հաստատումներու, թէեւ կարելի է մտածել, որ փեթրօ-տոլարները կրնան հաւատացողներ եւ քարոզողներ գնել…

…Տասնամեակներ շարունակ, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, զանազան գիտաժողովներու, խորհրդաժողովներու եւ քաղաքական բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին, մեզի համար սուրբ էր Արեւմտահայաստանը: Զգացականէ աւելի, անիկա ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ խորհրդանշան էր ու սեւեռակէտ։ Հեւ ի հեւ աշխատանք կը կատարուէր, պաշտպանելու համար բռնագաղթի ենթարկուած, Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիին իրաւունքը՝ բարոյական, թէ նիւթական։

Նյութն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031