Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքին մէջ, 12 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցած եւ Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելու կարելիութիւններուն քննարկումին նուիրուած հաւաքին ընթացքին, շարք մը քոնկրեսականներ շեշտեցին, թէ պէտք է երաշխաւորել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձը։
Հաւաքին կողքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները մօտաւորապէս 100 հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, լուսարձակի տակ պահելու համար այս հարցը։
Հաւաքին ընթացքին ելոյթներ ունեցան ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր «Լեմքին» հիմնարկի գործադիր վարիչ դոկտ. Էլիսա ֆոն Ճոյտըն Ֆորկի:
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն յայտարարեց, թէ իր ձայնը կը միացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շարք մը այլ իրաւապաշտպաններու, որոնք կոչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն` պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպան քաղաքականութեան համար՝ աւելցնելով, որ Արցախի հայութիւնը պէտք է վերադառնայ իր հայրենի հողերը:
Կարդացեք նաև
Իրաւաբան Գառնիկ Քէրքոնեան յայտարարեց, թէ Արցախի բռնագրաւումը շարունակելը Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան վարձատրութիւն պիտի նշանակէ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: