Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 12 Մարտի երեկոյեան ժամը 6էն 8, Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքի թիւ 2075 սրահին մէջ։
Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձի կարելիութիւններուն շուրջ ելոյթներ պիտի ունենան ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, իսկ գլխաւոր բանախօսն է «Լեմքին» հիմնարկի գործադիր վարիչ դոկտ․ Էլիսա ֆոն Ճոյտըն Ֆորկի։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: