Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը Ե.Հ.Խ.ի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ կը զբաղի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ միջազգային հարցերով:
Յանձնաժողովի այսօրուան նիստին փոխ ատենապետուհի ընտրուեցաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ վերջին տասը տարիներուն անդամ էր նոյն խորհուրդին եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր անոր աշխատանքներուն մէջ: Յանձնաժողովի ատենապետն է դոկտ. Մաթիուս Ճորճ, որ մօտէն ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին եւ ընդհանուր քարտուղարն է Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին։
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Ժընեւի մէջ յանձնաժողովի նիստին դասախօսութիւն մը տուաւ “Global Governance: Challenges and Emerging Geopolitical Trends” նիւթին շուրջ:
Յայտնենք, որ դոկտ. Պայրագտարեան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովին եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս՝ Պէյրութի ամերիկեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետական համալսարաններուն մէջ:
«Եռագույն»