Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի Ազգային ժողովի շէնքի կազմաքանդումի փաստը անմիջականօրէն չարժանացաւ միջազգային արձագանգի:
Պաքուն այս ձեւով ուղերձ կը յղէ Արցախի վտարանդի դարձած պետութեան` իր գործառոյթներու շարունակումը կասեցնելու: Ուղերձը նաեւ Երեւանին է, որ արդէն իսկ այս առումով ոչ միայն աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, այլ նաեւ պարզ կը դարձնէ, որ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութեան շարունակումը սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան:
Շէնքերու քանդումին պիտի հետեւի ուրեմն այդ կառոյցներու գործունէութեան արգելակումի պահանջը: Ամենայն հաւանականութեամբ նախապայմանային քաղաքականութեան նոր կէտը:
Ասիկա կանխարգիլումն է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացման: Անվտանգութեան նոր երաշխաւորակազմով պայմանաւորուած հաւաքական վերադարձի պարագային, գործընթացը հիմնականին մէջ պիտի ղեկավարեն իրենց գործունէութիւնը շարունակող Արցախի գերատեսչութիւնները:
Կարդացեք նաև
Եւ եթէ միջազգային ընտանիքը պիտի առաջադրէ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի յարգումը, տեղահանուած ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ պիտի վարէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ: Բռնատեղահանուածները ունին ընտրուած ներկայացուցիչներ. առաջին հերթին Ազգային ժողովի կազմը:
Տարբեր խնդիր է անշուշտ այն, որ Ազրպէյճանի դէմ այդ արշաւը յայտարարողական եւ բանաձեւային հարթութեան վրայ կը սահմանափակուի: Մինչ, բոլոր ուղղութիւններով բնաջնջումի քաղաքականութիւնը կ՛իրականանայ նոյն այդ կառոյցներու սոսկ դատապարտման արձագանգներուն դիմաց:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: