Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի ջանքերով եւ Հայ դատի յանձնախումբի օժանդակութեամբ, Փիրէայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց յատուկ յուշակոթող մը կանգնեցնել Փիրէայի կեդրոնին մէջ, յարգելու համար յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով Փիրէայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան։
Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Փիրէայի քաղաքապետական շէնքին մէջ, քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստը գումարեց, որու օրակարգերու շարքին ներառնուած էր նաեւ յուշակոթողի հարցը։ Նշենք, որ անցնող ժամանակաշրջանին, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ առաջարկի ներկայացումը, իսկ հայասէր քաղաքապետ Եաննիս Մորալիս ջերմօրէն ընդառաջեց յուշարձանի զետեղման քաղաքի ծանօթ հրապարակներէն մէկուն վրայ։
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները իրենց հաւանութիւնը տուին հայութեան առաջարկին, ապա որոշումը կայացաւ միաձայնութեամբ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթում