Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներուն մէջ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին պաշտօնական Անգարան ներկայացնող պատուիրակը դարձեալ խօսած է սահմանի բացման, երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձերու համար սահմանը օգտագործելու որոշումի իրականացման մասին, առանց ժամկէտի:
2022-ի յուլիսին համատեղ յայտարարուեցաւ, որ գոյացած է համաձայնութիւն բանալու սահմանը երրորդ երկրի քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող պետական գործիչներու համար:
Այս մասին վերստին յայտարարուեցաւ, այս անգամ ժամկէտ նշելով` 2023-ի ամառը: Առընթեր յայտարարուեցաւ նաեւ, որ գոյացած է համաձայնութիւն` Անիի պատմական կամուրջը վերանորոգելու:
Հիմա 2024-ի գարունն ենք: Սահմանը մէկ անգամ գործարկուած է Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով հայաստանեան կողմէն օժանդակութիւն ուղարկելու նպատակով:
Կարդացեք նաև
Ծխածածկոյթի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Հիմա Անգարան ներկայացնող պատուիրակը ցուցադրական առաջարկ կ՛ուղղէ հայկական կողմին` երկխօսութեան յաջորդ հանդիպումը Երեւանի մէջ գումարելու, եւ վերստին կը կրկնէ սահմանի մասնակի բացման յանկերգը:
Հայկական կողմը անհրաժեշտութիւն կը զգայ վերյիշեցնելու, որ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու:
Նախապայմանային քաղաքականութիւնը նորացուած է: Անգարան ամէն առիթի Երեւան- Անգարա երկխօսութիւնը կը պայմանաւորէ Երեւան- Պաքուի բանակցութիւններու արդիւնաւորման հետ: Իսկ այդ արդիւնաւորումը իր հերթին պայմանաւորուած է Պաքուի թելադրած միակողմանի պահանջները ընդունելով:
Նախապայմանային քաղաքականութեան վերջին յայտարարութիւնը հետեւեալ կէտերով կ՛ամփոփուի:
Ա.- Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութիւնը բացառապէս Երեւանով եւ Պաքուով պիտի կայանայ: Փարիզը, Պրիւքսէլը կամ այլ կեդրոններ չեն կրնար որոշել խաղաղութիւնը:
Բ.- Երեւանը պէտք է պատասխանէ սահմանադրական կարգաւորումներով, «Միացման» եւ այլ իրաւական կարգաւորումներով:
Գ.- Ազրպէյճանի 8 գիւղեր կը շարունակեն մնալ Հայաստանի բռնագրաւման տակ:
Սիւնիքի ճանապարհի պահանջը տեղ չէ գտած Պաքուի ներկայացուցիչի պահանջներուն մէջ: Բնականաբար չի նշանակեր, որ անիկա դուրս եկած է նախապայմանային քաղաքականութենէն:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում