Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Հայ ազգը փոքր ազգ է բայց Նարեկացիի միջոցաւ բարեխօսն է համայն աշխարհին». Կարդինալ Կուճերոթթի

Փետրվար 28,2024 20:20

Հայ ազգը` փոքր ազգ մըն է, որ արտադրեց անկրկնելի հոգեւոր ու մարդկային փորձառութիւն մը.. ազգ` որ կը մնայ փոքր, միշտ աւելիով ցրուած ու աւելիով արցունքներու մէջ Արցախի ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառաւ…. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնը Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ:

Երեքշաբթի 27 Փետրուար 2024ի երեկոյեան ժամը վեցին, ըստ լատինաց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առիթով, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը մասնակցին իրենց հերթական սիւնհոդսական ժողովին։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հռոմի մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վարժարաններու եւ դպրեվանքերու պատասխանատուները, հայ եւ օտար քոյր եկեղեցիներու անդամ կղերականներ որոնց շարքին Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եւ Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ `Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ինչպէս նաեւ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ վսեմաշուք դեսպան Ծովինար Համբարձումեանին։

Օրուան քարոզը ներկայացուց Կարդինալ Քլուատիօ Կուճերոթթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Ան քարոզին սկիզբը ակնարկեց ընթացող Սիւնհոդոսին ընդգծելով այդ սիւնհոդոսէն ներս «միութեան» կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ աղօթքին իւրայատկութիւնը ու ասկէ մեկնելով ակնարկեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնին հաստատելով որ դժուար է մեկնաբանել Նարեկացին որովհետեւ անոր «ողբերգութիւն»է անոր ամենախորթափանց միտքը։

Ծիրանաւորը հուսկ նշեց` թէ Նարեկացիին Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետի տիտղոսը շնորհելու առաջարկը ներկայացուցած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Պատրիարքը 1988 թուականին ու թէ այդ ժամանակ հարց տրուած էր, թէ «ինչի մէջ իւրայատուկ է Նարեկացիինն աստուածաբանութիւնը»։ Անիկա Թովմաս Աքուինացին չէ, բայց Անոր իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ թէ ան «աղերսը դարձուց աստուածաբանութիւն» ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթին յիշելով նաեւ այդ ժամանակուայ Յիսուսեաններու Մեծաւոր` Հայր Peter Hans Kolvenbache որ իր կարգին սատարած էր այդ գործընթացին բայց եւ այնպէս անիկայ տարիներ ամբողջ մնաց գրասեղանի մը անկիւնը եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց դարձեալ ձեռքը առնել հարցը ու հրահանգելով զայն դարձեալ ուսումնասիրել եւ քննարկել եւ 2015-ի ապրիլին զայն հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ, որ է նաեւ առաջին հայ Վարդապետը։

Փոքր ազգ մը, որ արտադրեց անկրկնելի հոգեւոր ու մարդկային փորձառութիւն մը.. ազգ` որ կը մնայ փոքր, միշտ աւելիով ցրուած ու աւելիով արցունքներու մէջ Արցախի ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառաւ եւ ճիշտ հայ ազգի այս պայմաններուն համար է որ ես այսօր ուրախ եմ ձեզի բերելու Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնն ու օրհնութիւնը։

Կարդինալ Կուճերոթթին մէջբերեց հուսկ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին խօսքերը ու հրաւիրեց սիւնհոդոսական հայրերը ներշնչում քաղելու Անոր աղօթքներէն, որոնց մէջ ան իր վրայ կ՛առնէ աշխարհիս մեղքերը, ինքզինք նոյնացնելով Քրիստոսի հետ, որպէսզի այդ մեղքերը թողութիւն ընդունին։

Քարոզիչը հուսկ շեշտեց Նարեկացիի «խոնարհութեան» կարեւորութիւնը, որ ինքզինք կը համարէ «աղօթանուէր», համայն աշխարհին համար, ինքզինք նկատելով նաեւ անառակ որդի…մեղաւոր ու հրաւիրեց կղերական դասը այս մասին խորհելու ու իրենց կարգին հարց տալու եթէ իրենք եւս «աղօթանուէր» կը դառնան Նարեկացիի նման։

«Հայ ազգը փոքր ազգ է բայց բարեխօս է համայն աշխարհին` Նարեկացիի միջոցաւ» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Կուճերոթթին յորդորելով հետեւիլ հայոց մեծ սուրբին ուսուցումներուն ու օրինակին, քալելով խոնարհութեան ճանապարհով, ընդունելով մարդկային տկարութիւնները…ապա իրենք զիրենք նուաստացնելու, որպէսզի ոչ թէ մենք այլ Քրիստոս աճի։

«Աւետարանը մեզի կու գայ ըսելու թէ խեղճ մարդիկ ենք բայց խեղճեր, որոնք սիրուած ու ներուած են» յարեց հուսկ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատսեչութեան Վերատեսուչը հաստատելով, թէ եթէ այս ըլլայ գերակայող գաղափարը մեր աշխատանքները պիտի ըլլան պտղաբեր ու քարոզի աւարտին անգամ մը եւս շեշտեց Նարեկացիի «աղօթանուէր» ըլլալու յատկութիւնը ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները խրախուսելով, որ իրենց կարգին դառնան «աղօթանուէր»։

 

VaticanNews

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829