Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք. Այսօր` Երեքշաբթի 27 Փետրուարին Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին։ Այս կարգադրութիւնը կը պարտինք Ֆրանչիսկոս Պապին որ հայոց մեծ սուրբին շնորհած է Տիեզերական «Եկեղեցւոյ «Վարդապետի» տիտղոսը ` 12 ապրիլ 2015-ին ապա 2 փետրուար 2021-ին, որոշած էր անոր ծիսական տօնը ներառել Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական Օրացոյցին մէջ։
Մեր Տիրոջ գալուստէն 10-դար ետք, մենք` հայերս, ապացուցելու համար մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը այդ նոր ուխտին, մեր սրտի ամենախոր ծալքերէն դարձեալ խօսեցանք Տիրոջ հետ, այս անգամ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բերնով, ստեղծելով մատեան մը, ուր լացով եւ զղջումներով փորձեցինք առաւել մերձենալ Տիրոջ: «Մատեան Ողբերգութեան»-ը դարձաւ այն բալասանը, որով սփոփեցինք մեր հոգիներու անդարմանելի վէրքերը: Իրմով զօրացանք եւ իրմով ամրապնդեցինք մեր հաւատքը: Նարեկը հայուն համար դարձաւ աղօթք, դարձաւ աւիւն, դարձաւ ուղի` դէպի ճշմարտութիւն:
10-րդ դարու հայ մտքի լուսաւորման գործընթացին մէջ մեծ է դերը Գրիգոր Նարեկացիին: Իր հետ վերջ գտաւ հին շրջանը եւ սկիզբ առաւ վերածնունդի դարաշրջանը:
10-րդ դարու կէսերէն սկսեալ տիրող քաղաքական բարենպաստ պայմաններուն որպէս հետեւանք, Հայաստանի մէջ զարգացան քաղաքներ, ստեղծուեցաւ քաղքենի դասակարգ մը, որ իր շահերով եւ հայեացքով կը հակադրուէր իր գոյութիւնը տակաւին պարտադրող աւատապետական կարգերուն: Ձեւաւորուող նոր դասակարգը այլեւս չէր մտածեր նախկինին պէս: Գիտութիւնը, գրականութիւնն ու արուեստները կը դառնային այս դասակարգի շահերուն եւ աշխարհայեացքին արտայայտութիւնները: Այսպիսով մինչեւ 11-րդ դարու կէսերը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ բոլորովին նոր գիծեր ի յայտ եկան, որոնք նոյնութեամբ մենք պիտի տեսնենք Ասկէ քանի մը դար ետք Եւրոպական վերածնունդին ( renaissance)ին մէջ:
Նարեկացին իր էութեամբ կը պատկանի դասական շրջանին: ինք ճգնաւորական քրիստոնէութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն է, անոր «Մատեան Ողբերգութեան» քերթողագիրքը իր մէջ ունի տարօրինակ շերտաւորումներ: Դասական շրջանի քերթողութեան գլուխ գործոցն է, բայց նոյն Նարեկացիի գործերուն մէջ, յատկապէս անոր տաղերուն մէջ, մենք կը տեսնենք հինին քայքայումը եւ նորի ձեւաւորումը:
Նարեկացիի գրական գործերուն մէջ խորունկ աշխարհ մը կամ տիեզերք մը կը գտնուի: Նարեկացին գրականութիւն մշակելու նպատակով չէ գրած իր տաղերը, այլ արտայայտելու իր հոգեւոր ճախրանքն ու փնտռտուքը եւ իր ձգտումը`գտնելու զԱստուած իր անձին ընդմէջէն եւ ինքզինք գտնելու Աստուծոյ մէջ:
Նարեկացին գրական-ստեղծագործական հսկայական ժառանգութիւն կտակեց համայն մարդկութեան: Սակայն «Մատեան Ողբերգութեամբ» ան դարձաւ հայուն խիղճը:
Գեր. Հ. Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթերեան եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: