Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։
Արդարեւ, Արցախի մէջ թէ՛ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ ազգային մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Ուստի, յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք՝ այս նպատակին համար, որ սկիզբ առաւ 20 Փետրուար 2024-ին եւ արդիւնքները պիտի յայտարարուին 23 Մարտ 2024-ին։
Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, համազգային դրամահաւաքին ողջոյնի խօսք փոխանցեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Իր խօսքին մէջ, առաջին հերթին, Շահան Արք. ողջունեց Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կոչուած յիշեալ կեդրոնին հաստատման նախաձեռնութիւնը եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին։ Անդրադառնալով յատկապէս մշակութային մարզին՝ սրբազան հայրը ըսաւ. «Անթիլիասական հրատարակութիւններէն մինչեւ մասնաւոր համագումարներու կազմակերպումը, մեր երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդը հաղորդ պահեցինք համահայկական եւ արցախեան արժէքներուն՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացումով»։
Կարդացեք նաև
Իր խօսքին աւարտին, Շահան Արք. ընդգծեց կարեւորութիւնը «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն»ին, որովհետեւ մշակոյթը մեր ինքնութիւնը կերտող կարեւորագոյն հիմքերէն է, որուն իւրացման եւ անոր հետ նոյնացման ընթացքով մենք պիտի կարենանք պահել Արցախը՝ Արցախի սահմաններէն անդին, մեր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ գործնապէս պիտի նպաստենք Արցախի մշակոյթին վերակենդանացումին եւ վերածաղկումին։