ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
Այն Ի՛նչ, որ Կը Պատահի Հայրենիքի Մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Բնակիչներուն Միայն Վերաբերող Ներքին Հարց Մը Չէ. Այլ՝ Համահայկական Ողբերգութիւն
Բոլորիս ծանօթ է, թէ ի՞նչ կը կատարուի մեր Հայրենիքին մէջ, ուր ժողովրդայնական (populist) սուտ ու պատիր խօսքերէ խաբուած մեր հայրենակիցներու ընտրող զանգուածին մեծամասնութեան ակամայ մեղսակցութեամբը իշխանութեան հասաւ ազգավնաս խմբակ մը, որ իր առաջնորդով մէկտեղ մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար աննախադէպ պատուհաս հանդիսանալով հանդերձ տակաւին կը յամառի մնալ իր պաշտօնին վրայ:
Կորսնցուցինք մատղաշ սերունդի պատկանող 5000 անգին կեանքեր, անդամալուծուեցաւ մեր ժողովուրդին ողնասիւնը հանդիսացող կրկնապատիկ թիւով երիտասարդութիւն, բարոյազրկուեցաւ Հայկական քաջարի բանակը, կորսնցուցինք Հայրենիքի կարեւոր մէկ բեկորը` Արցախը, մինչ սպառնալիքի տակ է Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան ամբողջ սահմանը: «Միջանցքի» անուան տակ վտանգուած է մեր դարաւոր Սիւնիքը: Արդէն 5 տարիներէ ի վեր ամենօրեայ յարձակման ենթակայ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, կը նսեմացուին ազգային մեր արժէքները, կ՛առաջարկուի փոխել մեր Հայրենիքին հիմն ու խորհրդանշանը: Պետական մակարդակով կը փորձեն մեզի համոզել, որ մեր ազգին սուրբ խորհրդանիշը՝ Արարատը, անպայմանօրէն մերը չէ: Հերթը հասած է Հայաստանի դրամատուներուն, որոնցմէ մէկը շուտով կրնայ վաճառուիլ այլ երկրի դրամատան մը, որուն դրամագլուխի հետքերը մեծ հաւանականութեամբ՝ ազերիական են, մինչ մեր երկրին շուկան ողողուած է թրքական արտադրութեամբ էժանագին ապրանքներով, որոնք մեծ վնաս կը հասցնեն տեղական Հայ արտադրողին տնտեսութեանը: Հսկայական տարածութեամբ կալուածներ կը ծախուին անհասկնալի եւ կասկածելի անուններով մարդկանց եւ հայկական ընկերութեան մը քօղին տակ պահուըտած օտարներու: Մեր Հայրենիքին, այսօրուայ «խաղաղութիւն մուրացող» իշխանութիւնները, գուցէ թրքական պատուէրի մը անսալով կը փորձեն վատաբանել Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան գոյութեան հիմը հանդիսացող Հռչակագիրը, կ՛ուզեն փոփոխութեան ենթարկել ՀՀ Սահմանադրութիւնը:
Կարդացեք նաև
Այս բոլորը կը կատարուի օր ցերեկով, մինչ մենք համակերպումի մահացու իրավիճակով մը հանդիսատեսի վերածուած, կը սպասենք յաջորդող ահաւոր պատահարին:
Այսօրուայ կարեւորագոյն թեմաներէն է, այսպէս կոչուած նոր չափորոշիչներով արտադրուած «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթի 7-րդ դասարանի դասագիրքը: ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարարին ուղղակի մեղսակցութեամբը, հայրենի պատանի սերունդին գրասեղանին վրայ դրուած է իր բովանդակութեամբ ապազգային դասագիրք մը: Նշեալ դասագիրքին մէջ մեր ազգին դարաւոր պատմութիւնը դիտաւորեալ աղճատուած է: Շատ մը մասնագէտներու վկայութեամբ, անոր մէջ կը բացակային վառ ու պատկերաւոր շարադրանքն ու ազգային գաղափարներով ու մտածողութեամբ տոգորուած նիւթերը։ Խեղաթիւրուած են մեր պատմական քարտէսները: Դասագիրքին, ոչ բարով հեղինակը, ինքնակամ փոխած է նոր ծրագրով նախատեսուած բոլոր թեմաներուն ձեւակերպումներն ու շեշտադրումները եւ յարմարցուցած է իր ապազգային հայեացքներուն, համոզմունքներուն ու դիրքորոշումներուն, իբր թէ առարկայականութեան պատճառաբանութեամբ: Պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր Հայրենիքին անարժան ղեկավարը ընտրուած անձին աւելի եւս անարժան կամակատարը՝ յանձին ՀՀ ԿԳՄՍ-ի նախարարուհիին մեղսակցութեամբ, հետեւողականօրէն կը քայքայուի իր ղեկավարած նախարարութեան վերահսկողութեանը վստահուած՝ մեր ժողովուրդին համար շատ կենսական ոլորտները: Նման բովանդակութեամբ դասագիրքով մը կը փորձուի կրթել սերունդ մը, որպէսզի ան իր ժողովուրդին պատմութեամբ հպարտանալու հիմքեր չունենայ:
Որքան շատ ու խորը ուսումնասիրենք նշեալ անհայրենիք դասագիրքին բովանդակութիւնը, այնքան աւելի կրնանք համոզուիլ, որ անոր հեղինակը պատուէր կատարած է, մեր պատմութիւնը ծառայեցնելով օտարներու շահերուն։ Այս մասին կրնան վկայել անոր բովանդակութեան մէջ տեղ գտած սխալները եւ մօտեցումները: Հեղինակը իր ազգադաւ գործին մէջ, իր համար սկզբունք դարձուցած է մեր պատմութեան առանցքային փաստերը եւ երեւոյթները ներկայացնել որպէս վարկածներ: Կեղծիքով մը կասկածի տակ դրած է Հայ ժողովուրդին պատմութեան վերաբերող ոգեշունչ դրուագներ, որոնցմէ միայն կրնան օգտուիլ մեր թշնամիները: Ազերիները արդէն իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած են համարել Արեւմտեան Ազրպէյճան, մինչ մենք անհաւատալիօրէն լուռ ենք եւ տէր չենք կանգնիր մեր պատմութեանը եւ արժէքներուն։ Այս բոլորը, մինչ պէտք է մտահան չընել, որ մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած եւ ապացուցուած՝ մեր ժողովուրդին մասին պատմող իւրաքանչիւր հաւաստի փաստ ու տեղեկութիւն մենք պէտք է իմաստաւորենք, գնահատենք ու արժեւորենք՝ ելլելով մեր ազգային գաղափարներու, արժէքների եւ շահերու դիրքերէն։
Մինչ հանրային ուշադրութեան կենդրոնացումը 7-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքին վրայ է, անուշադրութեան մատնուած են միւս նիւթերու դասագիրքերը, որոնց շարքին Հայերէն լեզուի դասագիրքը, ուրկէ դուրս դրուած է իր ազգային ոգիով մարտնչող սերունդներ դաստիարակած Րաֆֆին, փոխարէնը ընդգրկուած են թուրք-ազերի գրողներու պատմուածքներ:
Նախակրթարանի դասագիրքերուն մէջ, հայկական տեղանուններու անուններ փոխարինուած են թրքական անուններով: Դպրոցական համակարգէն հեռու կը պահուի Հայ եկեղեցուոյ պատմութեան դասանիւթը: Համալսարանական շարք մը մասնագիտութիւններու ուսանողներուն համար իրենց դասանիւթերէն վերցուած է այն ինչ, որ հայկական է…: Իբր թէ Եւրոպական չափանիշերով պատրաստուած «Առողջ Ապրելակերպ» դասանիւթ մը ներմուծուած է նախակրթարանի 5-րդ դասարանէն մինչեւ բարձրագոյն կարգերու 11-րդ դասարանի դասերուն մէջ, որ ուրիշ բան չէ, բայց նման անմեղսունակ եւ օգտակար անուան տակ սերունդները այլասերելու միջոց…:
Ազգերը միաձուլելու գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող Խորհրդային Միութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Խորհրդային Հայաստանի մէջ օգտագործուող դասագիրքերը, մեծապէս կը պարունակէին ազգային շունչ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ պատրաստուած եւ սփիւռք՝ նամանաւանդ Մերձաւոր Արեւելք ուղարկուած «Այբենարան»-ով կրթուեցան ամբողջ սերունդներ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ տպագրուած գիրքերով եւ պատրաստուած դասագիրքերով դաստիարակուեցաւ հայրենի այնպիսի սերունդ, որ ազատագրեց Արցախը, մինչ այսօրուայ դասագիրքին արտադրած այլասերած ծնունդը ապագային հայրենի հողէն այլ բեկորներէ ալ հեշտութեամբ կրնայ հրաժարիլ:
Վերահասու ըլլալով վերեւը նշուած ահաւոր պատկերին, Սփիւռքը չի կրնար լուռ մնալ: Մենք, հայկական շունչով կրթուեցանք մեր աչքերը հարած Հայրենի ժողովուրդին, սորվելով, արտասանելով ու երգելով այնտեղ գրուած ու յօրինուած հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ եւ երաժշտութիւն: Հայկական մեր հոգիները լիցքաւորուեցան սփիւռք այցելով հայրենի ազգային եւ մշակութային գործիչներով:
Հայկական Սփիւռքը, գոյատեւեց շնորհիւ Հայրենի պետականամէտ եւ ազգասէր գործիչներու, որոնց տեսակէն այլեւս չկայ: Փոխարէնը կայ այն ինչ, որ կայ, որոնք ոչ միայն Հայրենիքը պահելու կարողութիւնը չունին, այլ՝ ընդհակառակը, ապա ինչպէ՞ս պիտի օժանդակեն սփիւռքը Հայ պահելու գործին:
Հիմնուելով այս բոլորին վրայ կոչ կ՛ուղղեմ գլխաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Վեհափառին, ապա սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայկական հաստատութեան պատասխանատուներուն, խիստ կերպով հակազդելու այն ամէն ինչին, որ կը պատահի մեր Հայրենիքին՝ մանաւանդ ապագայ սերունդներ դաստիարակող անոր կրթական ոլորտին մէջ: Հայկական Սփիւռքի ղեկավարութեան համեստաբար կ՛ուզեմ յուշել, որ այն ի՛նչ, որ կը պատահի Հայրենիքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներուն միայն վերաբերող ներքին հարց մը չէ. այլ՝ համահայկական խնդիր, որոնց մասին մենք ԽՕՍՔ ՈՒՆԻՆՔ ԸՍԵԼԻՔ ԵՒ ՊԷ՛ՏՔ Է ԸՍԵՆՔ:
Սևակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր