Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

«Փաշինեան եւ իր «զօրախումբը» հաւատարիմ են ինքնագլուխ քայլեր առնելու եւ զանոնք հանրութենէն գաղտնի պահելու ընթացքին»

Փետրվար 19,2024 13:12

Ու պատահեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան ու Իլհամ Ալիեւ Միւնիխ գտնուին այսպէս կոչուած՝ ապահովութեան ոչ-պաշտօնական խորհրդաժողովի մը առիթով եւ յանկարծ, հիւրընկալ երկրին վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց, (Surprise!) նախաձեռնութեան մը դիմեց եւ ըսաւ. «Ֆրէօնտը (ընկերներ), եկէ՛ք, քանի հոս էք, առիթը մի՛ կորսնցնէք, երեքով նստինք, բանակցինք, տեսնենք, թէ ձեր այս սա անհասանելի համաձայնութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է հասանելի դարձնել»: Յետոյ ալ զանոնք տարաւ սենեակ մը, ուր եռանկիւնաձեւ դասաւորումով սեղաններ տեղադրուած էին (ականջը խօսի կամ Աստուած հոգին լուսաւորէ հարաւային Լիբանանի սահմանին, շուրջ 40 տարի առաջ տեղի ունեցած «եռակողմանի բանակցութիւններ»-ու մասնակիցներուն)… Մնացեալը ծանօթ է լրատու աղբիւրներուն հաղորդումներէն:

Քիչ մը երգիծական էր վերի մուտքը, սակայն մարդս ինչպէ՞ս կրնայ ետ կանգնիլ խնդալէ, երբ օր-ցերեկով կը փորձեն… քթիդ խնդալ եւ հաւատացնել, որ սա նախապատրաստուած բան չէր, պարզապէս կնքահայր Շոլցի ակնթարթային բարի կամեցողութեան արդիւնք էր: Նախօրօք, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները նման հանդիպում չէին նախատեսած, իսկ «ռեւանշիստ» ընդդիմադիրները կասկածով յայտնած էին, որ նման հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ:

Հանդիպումէն ետք ալ, այլանդակ գաղտնապահութեան վարագոյրը պահպանուեցաւ պաշտօնապէս: Միայն քանի մը բառ՝ քննարկուած հարցերուն մասին, մինչեւ իսկ ժլատ տեղեկութիւններ, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ առանձին հանդիպում ունեցած են կամ չեն ունեցած՝ եռանկիւն դասաւորումով սեղաններէն Շոլցի հեռանալէն ետք: Սակայն չաճապարենք, քանի մը ժամէն կամ քանի մը օրէն ըստ բաւականին կը բացայայտուին որոշ մանրամասնութիւններ, եւ ի յայտ կու գայ (դարձեալ), որ իշխանութեան ձախաւերութիւնները քննադատողները ճիշդ նախատեսութիւններ կատարած էին, երբ կ’ըսէին, թէ Փաշիեան եւ իր խումբը ամենայն հաւատարմութեամբ յառաջ կը սուրայ ալիեւեան պահանջներուն առջեւ զիջումի իր ճամբուն մէջ:

***

Միւնիխեան հանդիպումը բացայայտեց քանի մը իրականութիւն (բացայայտել-ուն մէջ կայ անծանօթ բան մը լոյսին բերելու իմաստը, որ այս պարագային այդքան ալ ճիշդ չէ): Նախ այն, որ Փաշինեան եւ իր «զօրախումբը» հաւատարիմ են ինքնագլուխ քայլեր առնելու եւ զանոնք հանրութենէն գաղտնի պահելու ընթացքին: Չէ՞ որ վերջերս յոխորտանքով յայտարարած էր, թէ ի՛նք է որոշողը, թէ ի՞նչ բան գաղտնի է, ի՞նչը՝ ոչ: Իսկ եթէ յիշողութեան տոպրակը պեղենք, մեր ականջին պիտի հնչէ միւս յոխորտանքը, թէ ինք կը բանակցի այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզէ: Չէ՞ որ «ժողովուրդը իրեն մանտաթ տուած է», չէ՞ որ ինք կը բանակցի «զռոյական կէտէ»: Ո՞վ իրաւունք ունի, կը յանդգնի՛ հաշիւ պահանջելու իրմէ… Այլ բացայայտում մըն ալ այն էր, որ Ալիեւի մասին իր վերջին (քիչ թէ շատ արդարացի եւ ճշմարիտ) մեղադրական յայտարարութիւնները ո՛չ մէկ արժէք ունին, որովհետեւ ահա, ականջները կախ՝ Մունիխ վազեց, երբ իր պոսերը հրահանգեցին՝ «հո՛ս եկուր եւ բանակցէ՛»: Ո՞ւր մնացին այն խօսքերը, թէ Ազրպէյճան խաղաղութիւնը կը խափանէ, Հայաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստուի, անհիմն մեղադրանքներ կ’արձակէ հայկական պաշտպանական ուժերուն դէմ եւ այլն: Միւնիխի մէչ կողքին նստած՝ Միրզոյեան անունով ուսապարկն ալ ձայնակցած էր մեղադրանքներուն: Այդ բոլորը, հիմա յստակ է՝ կատարուած էին ՆԵՐՔԻՆ ՍՊԱՌՈՒՄԻ համար, մինչդեռ անդին, ահաւասիկ բացայայտ կը դառնայ, որ զիջումի ուղին կը շարունակուի վերանորոգուած խանդով:

Վաղը արդեօք պիտի փորձե՞ն մեզ համոզել, թէ Փաշինեան Ալիեւի պարտադրեր է բանակցութեան վերադառնալու, ճնշում բանեցուցեր է Շոլցի միջոցով: Չէ՞ որ Ալիեւ կրկին ու կրկին հեռու մնացած էր բանակցային սեղաններէ, որոնք սարքուած էին իր քարիւղին կարօտեալներուն կողմէ…: Պիտի ըսուի՞, որ Փաշինեան Պլինքընի գանգատ ներկայացուց «չար Ալիեւ»ին մասին: Կամ պիտի նկատուի՞, որ Ալիեւի մէկ այլ փափաքն ալ իրականացած է, Ֆրանսան հեռացնելով այսպէս կոչուած՝ բանակցութիւններու շրջանակէն:

Երէկ, այսօր եւ վաղն ալ, կրկին ու կրկին պիտի հնչեն ճշմարտութիւնները, թէ՝ այս իշխանութեան օրով, Հայաստան գնաց ու կ’երթայ կորուստէ կորուստ, վազքը պիտի շարունակուի՝ այնքան ատեն որ ուսապարկատէրն ու «պարկեր»-ը կը մնան իշխանութեան ղեկին: Ամէն օր ժողովուրդին աչքին փոշի նետելու նոր գիւտեր ալ կ’ըլլան եւ առատ վիճանիւթ կը տրամադրեն մամուլին ու քաղաքական շրջանակներուն…:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829