Արցախեան բնօրրանէն բռնագաղթուած արցախահայերը ինչպիսի երաշխիքներու կարիքը ունին, որպէսզի իրենց գիւղերը եւ քաղաքները վերադառնան եւ կեանքը վերածաղկի Արցախ աշխարհի մէջ։ Առաջին եւ ամէնէն կարեւոր երաշխիքը բնականաբար կեանքի ապահովութիւնն է, որ ատրպէյճանական զինուժին ներկայութեան անկարելի է, մանաւանդ որ սեպտեմբերեան յարձակումներուն ընթացքին արցախահայերը ենթակայ են տարբեր բնոյթի յարձակումներու, խոշտանգումներու, ցեղասպանական ոճիրներու, կողոպուտի եւ բռնագաղթի։
Երկրորդ․ արցախցիները, որոնք կը փափաքին իրենց հայրենիքը վերադառնալ, պէտք է իմանան, թէ Արցախի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ կողք կողքի՞ պիտի ապրին, թէ՞ պիտի գոյանան բաժանման եւ շփման գիծեր։ Իսկ նման գիծերու վրայ ով հսկողութիւն պիտի կատարէ, որպէսզի արցախի անմեղ ժողովուրդը զոհը չերթայ ատրպէյճանցիներու հայատեացութեան։ Եթէ խօսքը կը վերաբերի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, ապա պէտք է շեշտել, որ անոնց ներկայութեան պատահեցան սեպտեմբերեան բոլոր յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք արցախահայերը քանի մը շաբթուան ընթացքին բռնագաղթուեցան եւ հայաստան տեղափոխուեցան՝ իրենց ետին ձգելով, տուն, տեղ, բնակարան, եկեղեցի, վարժարան, սիրելիներու եւ հարազատներու գերեզմաններ, պատմամշակութային կոթողներ։ Վերջապէս այն ամէն ինչը, որ հայրենիք կը կազմէ։
Արցախցիներուն համար կենսական է երաշխիքներու տարողութիւնն ու բնոյթը, որպէսզի զգան ու համոզուին, թէ Արցախ վերադառնալէ ետք, զոհերը պիտի չդառնան ատրպէյճանական ցեղային մաքրագործման եւ հայատեացութեան, որոնք ատրպէյճանական պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։
Ռուսիա, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին կասեցման մէջ ունեցաւ իր առանցքային դերակատարութիւնը, կը շարունակէ պնդել, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը ի վիճակի են երաշխաւորելու կեանքերը եւ ինչքերը այն արցախցիներուն, որոնք կը փափաքին Արցախ վերադառնալ։ Մինչ յստակ չէ, թէ 2025-էն ետք ինչ ճակատագիր պիտի ունենան ռուսական խաղաղապահ ուժերը, երբ իր աւարտին հասնի անոնց առաքելութեան ժամկէտը, Մոսկուա ոգի ի բռին կը պայքարի, որպէսզի արցախահայութեան նկատառելի թիւ մը Արցախ վերադառնայ, որովհետեւ նման բան ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը պիտի վերաթարմացնէ։ Ամենայնդէպս, ներկայ դրութեամբ Պաքուի իշխանութիւնները արդէն իսկ յստակացուցած են, թէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը գալ տարի իր աւարտին պիտի հասնի։ Սակայն այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ նման վերադարձով պայմանաւորուած իրավիճակի մը մէջ արցախահայերը կրնան պատանդի կացութեան մէջ իյնալ, եթէ արցախահայութեան տրուելիք երաշխիքները միջազգային բնոյթ, տարողութիւն եւ բովանդակութիւն չստանան։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում