France 24 պատկերասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին, տեղեկագրական-վաւերագրական հաղորդումներուն շարքը (Reporters) լուսարձակի տակ բերաւ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին եւ անոր բռնապետին հակաժողովրդավար ընթացքը, մարդու իրաւունքներու աղաղակող ոտնակոխումի փաստերը եւ այլ բաներ:
Ժապաւէնին բացումը կատարուեցաւ Ալիեւի ու վարչախումբին հակառակորդ եւ Ֆրանսա ապաստանած երիտասարդի մը հետ զրոյցով (որմէ մասնիկներ տրուեցան նաեւ աւելի ուշ): Ան բանտարկուած է եւ ծանր տանջանքի ենթարկուած, որովհետեւ քննադատած է Ալիեւի մենատիրական բռնատիրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ եւս, քանիցս «անծանօթներէ» յարձակում կրած է եւ ծանրօրէն վիրաւորուած: Հաղորդումը զրոյցներ կը բովանդակէր Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւանց պաշտպաններու, նմանապէս բռնադատութիւններու ենթարկուած ատրպէյճանցի նախկին դեսպանի մը հետ, որոնք բացայայտեցին Ատրպէյճանի իշխանաւորին բռնատիրութեան տարբեր երեսները: Լուսարձակի տակ բերուեցան Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէկ քանի ծալքերը, օրինակ՝ «խաւիարի դիւանագիտութիւն»ը, Ատրպէյճանի հետ բարեկամութեան հիմերն ու քարիւղի ապահովումը եւ այլն:
Վաւերագրականը յայտնապէս պատրաստուած էր Ատրպէյճանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն խայտառակութիւնները բացայայտելու միտումով, քանիցս շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց մասին միշտ ալ հերքում տրուած է Պաքուէն, եւ սակայն, Եւրոպական խորհուրդը վերջերս չկրցաւ կուլ տալ սուտերը եւ ժամանակաւորապէս կախակայեց ատրպէյճանցի ներկայացուցիչները:
Եթէ փորձենք խտացնել հաղորդումին միտք բանին, կրնանք ըսել, որ տեղեկագրողները կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ հոն՝ Կովկասի հարաւային գօտիին մէջ, կայ մենատիրական-բռնատիրական երկիր մը, որուն նկատմամբ Եւրոպա հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ շահադիտական նկատումներով, ընդհանրապէս չ՛ուզեր տեսնել դաժան իրականութիւնը եւ հմայուած է քարիւղով ու խաւիարով:
Կարդացեք նաև
Իբրեւ Ատրպէյճանէն ու անոր բռնատէրէն վնասուած կողմ՝ Հայաստան եւ հայութիւն, բոլո՛ր միաւորներով, պարտաւոր ենք ո՛չ միայն հետեւելու նման հաղորդումներու, այլ նաեւ օգտագործելու նման առիթներ՝ վար բերելու համար Ալիեւի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Էրտողանի բազմախաւ դիմակները:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: