Բազմաչարչար մեր հայրենիքում կան տարբեր, արմատական նպատակներով կուսակցութիւններ, սակայն կա՛ն նաեւ անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ ժամանակն է, որ իրապաշտօրէն հասկնանք առաջին հերթին մեր կարողութիւնները եւ հնարաւորութիւնները, առանց անտեսելու միւս կուսակցութիւններուն զանազան ծրագիրները եւ տեսլականները: Անոնց մեծ մասը թէ՛ հայրենաբնակներ եւ թէ հայրենիքէն դուրս ապրողներ, հաւանաբար չբարձրաձայնեն ներքուստ իրենց հաւատացած այն իրականութիւնը, որ պատմական Հայաստանի մեծ մասը այլեւս մեր տիրապետութեան տակ չէ, այնտեղ մեր փոխարէն կ՛ապրին նուազագոյնը քսան միլիոն քիւրտեր, թուրքեր եւ այլ ցեղեր, թէ մեր դրացի Իրանի՝ մեզի հետ սահմանային տարածքները բնակեցուած են քսան միլիոն ատրպէյճանցիներով, Թէ մենք շրջապատուած ենք լեռներով, զուրկ՝ արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն ընձեռող ծովերէ, թէ երկիրը աղքատ է իր ընդերքով, թէ երկրին մէջ կ՛ապրին առաւելագոյնը երեք միլիոն հայեր եւ ուրկէ երեսուն տարիներէ ի վեր արտագաղթը չէ դադրած եւ չկայ դադրելու միտումներ, թէ ազգին երեք չորրորդը սփռուած է աշխարհի տարածքին՝ ենթակայ ձուլման, այլասերման եւ կորուստի: Անոնք աւելի շատ ենթակայ են համոզուելու, որ այս պայմաններուն մէջ, մեզի կը մնայ ժամանակ շահիլ եւ հզօրանալ տնտեսապէս եւ ստեղծել քսանմէկերորդ դարու մակարդակին համապատասխան հզօր բանակ մը, միջազգային ընտանիքին կողմէ ամրագրուած եւ ճանչցուած մեր այս տարածքին վրայ, որուն համար կրթութիւնը եւ գիտութիւնը առաջնային պայմաններն են: Անոնք իրաւացիօրէն կը մեղադրեն ազգի երեք չորրորդը կազմող արտերկրի հայութեան ծայրայեղական եւ անիրականանալի սպասումները Հայաստանի մէջ մնացած բուռ մը հայութենէն, վերցնելու երկիրը պաշտպանելու ծանր բեռը միայնակ, մինչ իրենց զաւակները ապահով՝ կը շարունակեն իրենց կեանքը օտար ափերու վրայ:
Կ՛արժէ մտածել, թէ ազգին ո՞ր հատուածը աւելի իրաւացի է իր տեսլականներուն մէջ:
Աւօ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: