Ազրպէյճանի Յազկերտը հիմա կը պահանջէ փոխել մեր Սահմանադրութիւնը։ Պաշտօնապէս։ Այլապէս, կը սպառնայ պատերազմով։ Չէ փոխուած մեթոտը։ Պարտադրանք եւ չկատարեու դիմաց՝ պատերազմի սպառնալիք։ Եթէ հազարամեակներ առաջ կրօնափոխութիւնն էր պահանջը ամբողջական տիրապետումի համար, հիմա սահմանադրափոխութիւնն է, նոյն նպատակին համար։ Այլապէս, պատերազմ։
Ի սպառ կը բացակայի սակայն Արտաշատի ժողովը։ Գոյութիւն չունին եկեղեցի-իշխանութիւն-զինուորական հրամանատարութիւն համակարգումն ու միասնականութիւնը։ Ընդհակառակը։ Խզուած են եկեղեցին եւ պետութիւնը։ Պառակտուած է հասարակութիւնը։ Վարդանի փոխարէն իշխանութիւնները ներկայացնողները շատ արագ պատրաստ են ենթարկուելու սահմանադրափոխութեան պահանջներուն։ Չի գումարուիր նոր Արտաշատը։
Եթէ պարսիկ Յազկերտները, օրին, հաւատափոխութեամբ կ՛ուզէին ամբողջական հպատակումի ենթարկել հայ ժողովուրդը, ապա թուրքեւազրպէյճանական Յազկերտները այսօր Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ կ՛ուզեն իրենց ենթակայութեան տակ առնել պահանջազուրկ, իր պատմական բոլոր իրաւունքներէն հրաժարած ժողովուրդ մը, որ ո՛չ Արցախի վերամիաւորման, ո՛չ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ ո՛չ ալ պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութիւններով շարունակէ արարել, ստեղծագործել ու զարգանալ։ Ժողովուրդ մը, որ յանուն կեղծ խաղաղութեան, համաձայնի սահմանադրական իրաւականութենէ դուրս բերել այդ բոլոր հիմնադրոյթները։
Մեզի պէտք է ուրեմն նոր Արտաշատի ժողով մը, որ կը հրաւիրուի այս բոլորին գիտակից նոր իշխանութիւններու կողմէ։ Որ Վարդանանցի խորհուրդով կը վերստեղծէ պետութիւն-եկեղեցի միութիւնն ու ներհասարակական համերաշխութիւնը․ որ արտաշատեան գաղափարախօսութեան կառչած, 88-ի Աւարայրի հետքերով կը յաջողի կազմակերպել դիւանագիտական, քաղաքական եւ ռազմական նոր Վահանեանց շարժում մը, թշնամիին պարտադրելու համար ոչ թէ այսօրուան կէտերով պարտուողական «խաղաղութեան» պայմանագիր մը, այլ նոր Նուարսակի դաշնագիր մը։
Կարդացեք նաև
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: