Տաժանակիր աշխատանք է, կամ շատ ծանր պատիժ՝ Հ.Հ. վարչապետին խօսքերուն, արտայայտութիւններուն եւ մամլոյ ասուլիսներուն հետեւիլը։
Վարչապետ Փաշինեան սկսած է խօսիլ ո՛չ միայն Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, այլ նոյնինքն նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրելու հրամայականին մասին։ Եւ թրքահաճոյ «երգչախումբը» կը ձայնակցի անոր: Իր շրջապատին մէջ չկայ մէկը, որ ըսէ. «Գիտե՞ս ինչի մասին կը խօսիս»:
Ունկնդիրը տեսաւ, որ որքա՜ն թափթփած էին իր խօսքերը։ Աբեղ-ցբեղ վերագրումներ, հակասական ձաբռտուքներ, հաստատումներ, յետոյ ժողովուրդը (ի մտի ունինք ըսածները հալած իւղի պէս կլլող ամբոխը) տպաւորելու – եւ քիչ մը աւելի՛ խաբելու – համար, «սրտի խօսող» եւ տպաւորող օրինակներ տալով, ան փորձեց իր այլանդակ եւ մի՛շտ անհիմն մտածումները արդարացնել։
Վարչապետը չնաշխարհիկ նոր գաղափար մը նետեց հրապարակ, թէ՝ կարմիր զգեստը հանելով, կարելի պիտի ըլլայ մեր ճամբուն կանգնած ցուլերը հանդարտեցնել, զանոնք հեռու պահելով ծայրայեղութենէ եւ յարձակումէ։
Կարդացեք նաև
Աւելի՛ն, այս հրաշալի՜ մտայղացումը չէր բաւեր, ու ան շարունակեց նոյն «տրամաբանութիւնը», թէ այդ կարմիր զգեստը պէտք է պահել իբրեւ անցեալի յուշ, արխիւ կամ, աւելի մտերմիկ ու հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծելու համար՝ «կար ու չկար»-ի հայոց պատմութիւն մը… նոր մշակուած, խորքին մէջ՝ դասագիրքերուն նման։
Անոնց համար, որ դժուարութիւն ունին Փաշինեանի այս «առակը» հասկնալու կամ երկմտանքի մատնուած են, քիչ մը մանրամասնենք: Ցուլերը մեր թշնամիներն են (ճի՛շդ բնութագրում), իսկ կարմիր զգեստը մեր Սահմանադրութեան այն բաժիններն են, որոնք կը պահպանեն մեր ազգային աւանդութիւններն ու անվիճելի պահանջատիրութիւնը, բաներ՝ որոնց մասին Պոլթընի այցելութեան օրերէն ի վեր յաճախ հնչած են ու կը հնչեն՝ «կարծրատիպերէ հրաժարելու», «անցեալին պատանդ չմնալու» եւ նմանօրինակ խրատներ, կոչեր, եւ անոնց իսկական նպատակն է Հայը զրկել իր իսկութենէն, խզել պատմութենէն եւ սեփական ձեռքով (իմանալ՝ իշխանաւորներուն ձեռքով) ինքզինք մատնել կորստեան, իրականացնել համաթուրանական ծրագիրը:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: