Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին բարձրաձայնուած յայտարարութիւններուն առընթեր յայտնապէս կը նախապատրաստուի նաեւ հանրային կարծիք ստեղծել օրհներգի եւ զինանշանի փոփոխութիւններուն ուղղութեամբ:
Այս մասին առաջ մղուող առարկութիւնները փոխկապակցուած են սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն: Օրհներգին մէջ թշնամիներուն մասին ակնարկութիւն կայ: Արարատը գրգռութիւն է թշնամիին ուղղուած եւ նման «խաղաղասիրական» բնոյթի վարկածներ:
Օրհներգն ու զինանշանը, ինչպէս դրօշակը, իրենց գաղափարական հիմնաւորումը ունին գործող Սահմանադրութեան նախաբանով յղում ստացած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:
Այսպէս.
Կարդացեք նաև
Անկախութեան հռչակագիրը, պետականութեան անկախ հռչակման հիմնաւորումներուն մէջ կը նշէ` «…զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»…
Աւելի պարզ կը դառնայ ուրեմն, որ մայիսքսանութեան աւանդոյթներու զարգացման յանձնառութիւնը ստանձնելով, վերանկախացող Հայաստանը այս ձեւով կը նկատուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շարունակութիւնը, այլ խօսքով` իրաւաժառանգորդը:
Այս իրաւաժառանգորդութեան ամէնէն վաւերական հաստատումը, մայիս 28-ի իշխանութեան կայացուցած որոշումներու եւ այս պարագային պետութեան խորհրդանիշներու վերաորդեգրումն է:
Այս բոլորը սահմանադրական հիմք ունեցած են, որովհետեւ անոր նախաբանը յղում կատարած է Անկախութեան հռչակագիրին: Յղումի այդ վերացումը ուրեմն նաեւ Առաջին Հանրապետութեան հետ իրաւաժառանգորդութեան սահմանադրական հիմքը չեղեալ նկատած կ՛ըլլայ: Անկէ ետք թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ սահմանադրական բոլոր արգելքները ջնջուած կ՛ըլլան, որպէսզի նոր օրհներգ կամ նոր զինանշան, ինչու չէ նաեւ նոր դրօշակ որդեգրեն գործող իշխանութիւնները:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: