Ալիեւ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի կը դառնայ խաղաղութեան հասնիլ:
Հետեւելով այս տրամաբանութիւններուն, պիտի որոշուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, որուն համար ալ հանրաքուէի կազմակերպում: Փոխուող Սահմանադրութենէն դուրս պիտի գայ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ամրագրուած յղումը` Անկախութեան հռչակագիրին:
Այս բոլորը կ՛ենթադրեն, որ տակաւին չ՛երեւիր խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, որովհետեւ առանց այդ փոփոխութեան կարելի չի նկատեր Ազրպէյճանի նախագահը, հասնիլ խաղաղութեան:
Երեւան-Անգարա սառած երկխօսութիւնը պայմանաւորուած է Երեւան-Պաքու բանակցութիւններով: Անգարա ամէն առիթի կը շեշտէ, որ հարցերը փոխկապակցուած են: Սահմանադրութիւն փոխելով, Երեւանը ընդառաջած կ՛ըլլայ Անգարայի նախապայմաններուն: Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի պատմական արդարութեան վերականգնման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու սկզբունքներուն մասին:
Կարդացեք նաև
Հիմա աւելի քան յստակ է, թէ որքա՛ն անհեթեթ էր ընդգծելն ու շեշտելը, որ Անգարայի հետ բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց նախապայմաններու: Չէր խօսուեր Ցեղասպանութեան, տարածքներու եւ սահմաններու ճանաչման մասին. կը սպասէին պարզապէս պահը, որ Պաքուն դնէր պաշտօնապէս պահանջ դնէր Սահմանադրութիւն փոխելու: Եւ որովհետեւ Անգարան կը փոխկապակցէր Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու հաստատումը, Պաքուի հետ բանակցութիւններու արդիւնաւորումով, ապա ուրեմն այսքան պարզ բանաձեւով կ՛իրականանան բոլոր նախապայմանները: Փոխելով Սահմանադրութիւնը, առանց խօսելու նախապէս բանաձեւուած նախապայմանային կէտերու մասին:
Բոլոր նախապայմանները ամփոփուած են Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին մէջ:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: