Հայաստանի կրթութեան նախարարին՝ Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեամբ անուանափոխելու «առաջարկ»-ը ո՛չ տգիտութեան-անգրագիտութեան, ո՛չ ալ պարզամտութեան հետեւանք է, այլ՝ ՔՊ-ական քլանի ապազգային մտածողութեան ու քաղաքական վարքագիծի հարազատ մէկ դրսեւորումն է, զոր հետեւողականօրէն կը գործադրեն անոնք՝ իշխանութեան իրենց հասած առաջին պահէն սկսեալ, բոլոր ոլորտներուն մէջ: Պէտք կա՞յ մէկ առ մէկ թուելու օրինակներ. պահանջատէր սփիւռքի նկատմամբ մերժողական դիրքորոշում, սփիւռքի նախարարութեան ջնջում, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կամայական սղումներ եւ նենգափոխումներ, Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ արշաւ, Արարատ լերան խորհուրդի ձաղկում, Արեւմտեան Հայաստանի ուրացում, «Մեր հայրենիք»-ի տառին ու ոգիին մերժում, Եռագոյնի ու Հանրապետութեան զինանշանի դէմ մեղանչում, Սահմանադրութեան խեղաթիւրում, շարքը երկար է տակաւին, եւ հիմա հերթը հասաւ մեր պատմահօր՝ Խորենացիով նուիրականացած Հայոց պատմութեան…
Ու որքան ալ փորձէ ՔՊ-ական ապազգային քլանը ազգի երկփեղկման իր քաղաքականութիւնը մղել, Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ բաժանարար իր գիծը լայնցնել, Հայ դատի պահանջատիրութիւնը վերացնել՝ կեղծ ու խաբուսիկ խաղաղութեան պատրուակով թշնամիին օրակարգին ենթարկուելով, միեւնոյնն է, պիտի չյաջողի, պարզապէս որովհետեւ գլխագիր Ազգը ի վերջոյ դուրս պիտի գայ իր անհասկնալի թմրութենէն, ձեռքը ամուր պիտի զարնէ սեղանին եւ ի՛նք է, որ պիտի պարտադրէ իր կամքը, հայու արժանապատիւ ընթացքը:
ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: