Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երբ Արցախահայերու դէպի Հայաստան բռնի գաղթի լուրը տարածուեցաւ, Կլէնտըլէն Արեգ Բոյներեան երիտասարդ մը, տակաւին 16 տարեկան պատանի, անմիջապէս, անձնական նախաձեռնութեամբ գործի լծուեցաւ օգնութեան ձեռք երկարելու իր հայրենակիցներուն

Հունվար 30,2024 14:36

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԵԶԱԿԻ ԱՐԱՔԸ 

Բարեգործութիւնը անհատի մը կամ կազմակերպութեան մը կամաւոր ու անշահախնդիր նիւթական ու հոգեւոր օգնութեան կատարումն է, որուն նպատակն է աջակցիլ կարիքաւորներուն, որպէսզի կարողանան ապահովել իրենց նիւթական եւ հոգեւոր պահանջները, աջակցիլ անոնց առողջապահութեան պահպանութեան ու զարգացման, նիւթական օժանդակութիւն մատակարարել պատերազմի աղէտեալներուն, գաղթականներուն, նահատակներու հարազատներուն եւ վիրաւորներուն եւ օգտակար հանդիսանալ պատերազմին պատճառած հոգեկան վիճակներու վերացման ու բուժման, աշխատատեղիներու ստեղծման, աջակցելով գիտութեան, կրթութեան, արուեստի, գրականութեան, մարզական կեանքի եւ տարբեր այլ կենսական վերականգնման ծրագիրներու իրականացման: Վերջապէս բարեգործութիւն կը նշանակէ նաեւ աջակցիլ պատմական, ճարտարապետական, հոգեւոր ու մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան, ապահովելով մարդասիրութեան ամրապնդումն ու տարածումը, մարդկային արժանապատուութեան պահպանումը, սերունդներու համերաշխութեան ամրապնդումն ու միասնականութիւնը: Արցախի կորուստէն ետք, երբ տասնեակ հազարաւոր հայեր բռնի փոխադրուեցան Հայաստան, Հայաստանի մեր ժողովուրդն ու Սփիւռքահայերը այս գիտակցութեամբ լծուեցան բարեսիրական ու մարդասիրական առաքելութեան:

Անցնող ամիսներու ընթացքին, աշխարհով մէկ հայութիւնը թեւ եւ թիկունք կանգնեցաւ իր պապենական հողերէն վտարանդի Արցախահայութեան եւ մեր հոգեւոր ու ազգային կառոյցներուն աշխատանքային գլխաւոր օրակարգը հանդիսացաւ մեր հարազատ հայրենակիցներու օժանդակութեան հարցը: Ի տես Արցախի կորուստին եւ տասնեակ հազարաւոր Արցախահայերու դէպի Հայաստան բռնի գաղթին եւ կատարուած սարսափելի ոճիռներուն հեռաւոր ցամաքամասերէ ցնցուած, խոցուած ու վրդոված հայեր անտարբեր չմնացին եւ ամէն կերպ աջակցեցան եւ նիւթական օժանդակութիւն մատակարարեցին գաղթականներուն:

Երբ աւելի քան 120 000 Արցախահայերու աքսորի եւ դէպի Հայաստան բռնի գաղթի ու  սարսափելի արհաւիրքի մասին լուրը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ, Կլէնտըլէն Արեգ Բոյներեան երիտասարդ մը, տակաւին 16 տարեկան պատանի, անմիջապէս, անձնական նախաձեռնութեամբ գործի լծուեցաւ օգնութեան ձեռք երկարելու իր հայրենակիցներուն: Ան կազմակերպեց Արցախին նուիրուած երիտասարդական մասնաւոր միջոցառում մը, իր բարեկամները  հրաւիրելով ինքնաշարժներներու ցուցադրութեան (Car Show) Պըրպէնքի Առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի կառատան մէջ: Միայն երկու ժամուայ տեւողութեամբ եզակի միջոցառման մուտքի նուիրատուութիւններէն հաւաքուած գումարը հասաւ 8187 ամերիկեան տոլարի: Արեգի երազն ու նպատակն էր օգտակար հանդիսանալ Հայաստան հաստատուած իր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Անցնող օրերուն, Արեգ ընկերակցութեամբ իր մօր՝ Տօքթ. Թալար Թեջիրեանին այցելեց Հայոց Առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ եւ անոր յանձնեց գումարը, որ պիտի փոխանցուի Հայաստան տեղափոխուած կարիքաւոր Արցախահայերուն:

Սրբազանը բարձր գնահատեց Արեգ Բեյնէրեանի սոյն արարքը՝ եզակի նախաձեռնութիւնը, որ իր անկեղծ սիրոյ ու ապրումներու դրսեւորումն էր  հանդէպ հազարաւոր Արցախահայերուն, որոնք Արեգի եւ շատերու օժանդակութեան կարիքը ունին: Սրբազանը իր խօսքին մէջ գնահատեց Արեգի մարդասիրական օրինակելի ու եզակի  արարքը, եւ ըսաւ, թէ՝ կարեւորը գումարին քանակը չէ, որքան բարի կամեցողութիւնն  ու փափաքը ունենալը օգնելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Տէր Վազգէն Քահահայ Մովսէսեանը, որ Արեգի արարքը համարեց հայ երիտասարդութեան վճռականութեան արտացոլացումը: Արեգ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին, բարեկամներուն եւ Սրբոց Ղեկոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդին եւ երիտասարդական խումբին (AYCO):

Ընդօրինակելի ու եզակի արարք մը, հայու խիզախ կամքն ու վճռականութիւնը արտայայտող: Օրինակելի արարք մը գեղեցիկ՝ իր էութեան մէջ, որով «ես»-ը «մեր»-ի եւ «մենք»-ի իսկ նիւթը ոգիի կը փոխակերպուի:

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, Արեգ ընկերակցութեամբ իր մօր, պիտի մեկնի Հայաստան եւ օժանդակութիւնը անձնապէս փոխանցէ Արցախահայերուն:

Դիւան Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (2)

Պատասխանել

  1. Anonymous says:

    Նկատեցի, որ երրորդ պարբերությունում կա վրիպակ. (հարյուր քսան հազար)֊ի փոխարեն գրված է (հարյուր քսան)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031