Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Հանդիպումը կայացաւ նախարարին բնակարանին մէջ: Նախարարը իր կողքին ունէր պետական նախարարուհի Նուրա Պընթ Մուհամմէտ Ալ Քաապի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ ընդհանուր ակնարկ նետելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան, հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան վրայ։ Յիշեալ հարցերու գծով թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ նախարարը իրենց տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու պատկերացումները փոխանակեցին՝ շեշտելով փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց գլխաւոր քաղաքներուն՝ Ապու Տապիի, Տուպայի ու Շարժայի մէջ կայք հաստատած հայ համայնքներուն: Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը ու երախտագիտութիւնը յայտնեց նախարարին հանգուցեալ հօր՝ նախագահ Զայէտ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանին, որուն հետ Վեհափառ Հայրապետը 1998-ին հանդիպում մը ունեցած էր, եւ որուն ընթացքին ան ընդառաջելով Հայրապետին փափաքին՝ եկեղեցաշինութեան համար յատուկ հողաշերտ մը յատկացուցած էր: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց իր հանդիպումը նախարարին եղբօր եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ներկայ նախագահին՝ Մուհամմէտ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանին հետ, որ տեղի ունեցած էր 2014-ին, որուն ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը ուրախուեամբ յայտնած էր Ապու Տապիի մէջ իր հօր նուիրած հողին վրայ եկեղեցւոյ, դպրոցի ու ազգային առաջնորդարանի շինութեան մասին: Հանդիպումին Հայրապետը շեշտեց, թէ Էմիրութիւններու մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց դրական ներդրումը կը բերեն երկրին բարգաւաճման:
Արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին անցեալի ու ներկայի այցելութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ ըսաւ, թէ հայերը ո՛չ միայն հաւատարիմ են այս երկրի սկզբունքներուն եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն անոր տնտեսութեան զարգացման, այլ նաեւ իրենց կրօնական ու մշակութային ինքնութեամբ առաւել կը հարստացնեն այս երկրին բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ ընկերութիւնը:
Կարդացեք նաև
Յիշեալ հանդիպումին Նորին Ս. Օծութեան կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան եւ թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան։
Cilicia Tv