Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբել։
Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբուիլ։
Եթէ առաջին հարցումը կապ ունի «ազգընտիր»-ին հանապազօրեայ լարախաղացութիւններուն հետ, երկրորդը աւելի կը պատշաճի Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան, թէեւ անմիջապէս ըսենք, որ խաբուելու տրամադիր կամաւորներուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ:
Արդեօք տեսողութեան լուրջ հա՞րց ունինք։ Չե՞նք տեսներ, թէ այս «ազգընտիր» բռնապետը եւ իր գործակիցները մեզ հասցուցած են այնպիսի վիճակի մը, ուր «լինել-չլինել»-ուն առաջին բառն իսկ ինկած է հարցականի տակ։
Կարդացեք նաև
Եւ ահա, «ազգընտիր»-ը կը պատրաստուի նէօ-սահմանադրութիւն մը մրոտելու, յաւելեալ փաստ մը տալով, թէ հլու կամակատարն է Անգարա-Պաքու համաթուրանական դաշինքին։
«Ազգընտիր վարչապետ»-ը մէյտան իջած է նոր սահմանադրութիւն մը մշակելու առաջադրանքով. Սպասելի է որ զայն կոչէ «Թաւշեայ Սահմանադրութիւն»: Հիմնաւորո՞ւմը. բարեփոխուած, վերամշակուած կամ ամբողջութեամբ վերապատրաստուած սահմանադրութեամբ, Հայաստան աւելի մրցունակ եւ կենսունակ պիտի ըլլայ։ Արդեօք այս մարդուկը սահմանադրութիւնը կը շփոթէ հինցած կօշիկի՞ կամ ինքնաշարժի՞ հետ…
Ահաւորը այն է, որ Փաշինեան առանց ամօթանքի կը նշէ, թէ նմանօրինակ նէօ-սահմանադրութիւն մը պատրաստելով՝ քաղաքական որոշումներու օրինականութիւն ապահոված պիտի ըլլայ։ Հիմա ալ Սահմանադրութի՞ւնն է յանցաւորը…
Բաւարար չէր Հայոց Պատմութեան աղաւաղեալ դասագիրքերու ստեղծած տագնապը, ահաւասիկ շատ աւելի լուրջ ու խոր հարց մը։
Չլինելու եզրին ենք։ Սպասելու տեղ մնա՞ց։ Արդե՞օք մեր ժողովուրդին թմբիրը շուտո՛վ վերջ պիտի գտնէ եւ այս վարչախումբն է որ պիտի փոխուի:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: