«Եռագույն». Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներու հետ՝ պահանջելով անոնցմէ, որ գործնական եւ կտրուկ քայլերու դիմեն Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն իրագործած պաքուի իշխանութիւններուն դէմ, միաժամանակ շեշտելով իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայերուն անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու եւ անոնց վերադարձի իրաւունքը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։
Պահանջուեցաւ նաեւ քայլերու ձեռնարկել, երաշխաւորելու համար պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող առաւել քան 80 հայ գերիներու, ներառեալ՝ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու, անյապաղ ազատ արձակումը։
Հայ Դատը ներկայացնող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Այտա Տիմէճեան, Ծովինար Համագործեան եւ Անի Չաղլասեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Գէւ Իսքէճեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներ Թերեզա Երիմեան ու Ալեքս Կալիցքի։
Իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին, Իսքէճեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ անցեալ տարուան ընթացքին Արցախի դիմագրաւած ճգնաժամին մասին, նկատի ունենալով, որ այդ օրերուն ան կը գտնուէր շրջափակուած Արցախի մէջ:
Կարդացեք նաև
Հայ Դատը ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզի եւ Էտ Մարքիի հետ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնի, Էտըմ Շիֆի, Աննա Էշուի եւ Մայք Լոլըրի հետ: