Vaticannews. Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որուն նախաձեռնութեան մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։
Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որուն նախաձեռնութեան մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: