Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Անխոչընդոտ բառին իսկական նշանակութիւնը, ըստ Հաճիեւի, կը վերաբերի հայկական վերահսկողութենէն դուրս միջանցքի մը․ «Հայրենիք»

Հունվար 13,2024 10:28

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրման ատրպէյճանական հինգ առաջարկները, որոնք Պաքուի կողմէ փոխանցուեցան Երեւանի իշխանութիւններուն, կ՛առնչուին ուղղութիւններու եւ առաջադրանքներու, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի գլխաւոր սկզբունքներուն։ Իրարու հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան յարգում, իրարմէ հողային պահանջներէ հրաժարում, ուժի եւ ուժի սպառնալիքներէ հրաժարում, սահմանազատում եւ սահմանագծում, վերջապէս՝ փոխադրութեան փակուած բոլոր ուղիներու վերաբացում եւ վերագործակում։

Պաշտօնական Պաքու այս հինգ առաջարկները Երեւանի իշխանութիւններուն փոխանցելուն զուգահեռ, նաեւ կտրականապէս կը մերժեն փոխադրութեան միջոցներու, մայրուղիներու, երկաթուղիներու եւ ճանապարհներու վերաբացման եւ վերագործարկման մասին Երեւանի իշխանութիւններուն «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Պաքուի իշխանութիւնները կը պատճառաբանեն, որ Երեւան Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ արդէն իսկ ստանձնած է փոխադրութեան միջոցներու վերաբացման եւ այսպէս կոչուած Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ միջանցքի մը բացման պարտաւորութիւնը, զոր կը մերժէ կատարել։ Մինչ Պաքու կը պնդէ եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին ամբողջական գործադրութեան վրայ, միւս կողմէ ամբողջութեամբ անտեսեց եւ կ՛անտեսէ նոյն համաձայնագրին այլ կէտերը։

Առաջին հերթին վերյիշեցման կարգով լուսարձակի տակ բերենք Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտը, որ կը վերաբերի ճամբաներու եւ փոխադրութեան միջոցներու վերաբացման։ «Պիտի վերաբացուին շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան միջոցներու բոլոր կապերը։Հայաստանի հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ատրպէյճանի հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ապահովութիւնը՝ քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով։Փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու հսկողութիւնը պիտի կատարեն Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերը։ Կողմերու միջեւ համաձայնութեամբ՝ պիտի ապահովուի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող փոխադրութեան նոր միջոցներու շինարարութիւնը»։

Ներկայիս քաղաքական շահարկման առարկայ դարձած է Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ գործածուած «անխոչընդոտ» բառը։ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի համաձայն, անխոչընդոտ բառը ինքնին կը նշանակէ, որ Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն հսկողութեան տակ չի կրնար ըլլալ Հայաստանի հարաւէն անցնելիք միջանցքը։ Անխոչընդոտ բառին իսկական նշանակութիւնը, ըստ Հաճիեւի, կը վերաբերի հայկական վերահսկողութենէն դուրս միջանցքի մը, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը պիտի կապէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն։ Այլ խօսքով, ատրպէյճանցիք ինչ որ կ՛ուզեն պիտի փոխադրեն այս միջանցքով՝ ուտելիքէն մինչեւ զինամթերք, իսկ հայկական կողմը ոչ մէկ իրաւասութիւն պիտի ունենայ հսկողութեան եւ քննութեան ենթարկելու հայկական ինքնիշխան տարածքներէն անցնող փոխադրութեան տարբեր միջոցները։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031