Ահազանգային հնչեղութիւն ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս տարուան պատգամը, որ յանձին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Վեհափառ Արամ Ա․ի՝ 2024 տարին հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։
Պատգամին մէջ մանրամասնօրէն կը բացատրուի, կը տեղեկագրուի եւ կ՛եզրակացուի, թէ հեռու ենք, շա՜տ հեռու՝ այն իրավիճակէն, որ կ՛երազէինք կամ կ՛ենթադրէինք, թէ կրնայինք ունենալ։
Յստակ է, թէ շա՜տ բան ճիշդ ձեւով չ՛ընթանար։ Եկէ՛ք, իրատես ըլլանք եւ հարց տանք, թէ արդեօք ի՞նչ բան ճիշդ կ՛ընթանայ։ Բնագաւառ մը, ոլորտ մը կա՞յ, ուր կրնանք խղճի ամենայն հանգստութեամբ, աչքերնիս գոց հաստատել, թէ գործը հեզասահ կ՛ընթանայ։
Հոգեբանական խոր վերլուծումներու եւ նիչէական ու ֆրէօտեան հոգեբանական-հոգեբուժական ախտաճանաչումներու չերթանք։
Մեծով, պզտիկով ազգային լուրջ մտահոգութեան մէջ ինկած ենք։ Թմբի՞ր, մահաքո՞ւն, թէ՞ պարզապէս անտարբերութիւն։
Յստակ է. իւրաքանչիւր հայորդի, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, եւ ի շահ հայրենիքին, պէտք է ազգային ու թափանցիկ դաստիարակութեամբ կրթութիւն ստանայ, ճիշդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանայ, լաւապէս թրծուի, հեռու մնալով ծայրայեղութիւններէ, ըլլան անոնք ազգային, թէ ապազգային, կրօնական թէ գաղափարական։ Իւրաքանչիւր նոր սերունդի ներարկուած աւիշով է, որ կը կերտուի հայորդիին էութիւնն ու ազգի ապագան։
Կարդացեք նաև
Վեհափառի պատգամին մէջ, յստակօրէն կը նշուի, թէ մարդուժ գոյութիւն ունի եւ հայորդին թրծուած է, կազմ ու պատրաստ, սակայն հարցը դժբախտաբար իրազեկութեան մէջ է, ու ներառման գործընթացն է, որ կը պակսի։
Հետեւաբար, հրամայական է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ, բազուկները գործի լծուին եւ միաւորուին ազգային գերագոյն շահերու հետապնդման գործին մէջ, մէկդի դնելով ամէն տեսակի եւ մակարդակի կողմնակի եւ անգոյն հաշիւներ։
Հուսկ, երբ ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին կոչուի, եւ այդ՝ ճիշդ պահուն, ինքնաբերաբար ՄԱՐԴՈՒԺն է, որ կը գերազանցէ «մարդուկ»-ը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում