Vatican News. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 12 Յունուարին, Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ կոմիտէի անդամները՝ Կոմիտէի ստեղծման 60ամեակի առթիւ։
Ան իր պատգամին մէջ առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան պատասխանատուներուն, որոնց ղեկավարութեամբ կ’իրագործուի «Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ այս ուղեւորութիւնը», եւ Կաթողիկէ ակադեմիական հաստատութիւններուն, որոնք Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ առաքուած հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն վերապատրաստման հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն։
Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ ուսանողները՝ ուսումը աւարտելէն ետք վերադառնալով իրենց համայնքներ՝ ի սպաս կը դնեն ձեռք բերուած հմտութիւնները։
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ուսմունքի «տարիները ըլլան գթասրտութեան մարգարէութիւն եւ միասնութեան սերմեր՝ ի բարօրութիւն աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու եւ այդ իսկ աշխարհի, որ խաղաղութեան եւ հաղորդութեան նոր սերմերու բողբոջներ տեսնելու կարիքն ունի»:
Կարդացեք նաև
Մարիամ ԵՐԵՄԵԱՆ – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: