«Մտահոգութիւն կը յայտնեմ նաեւ Հարաւային Կովկասի լարուած իրավիճակին ի տես ընդմէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, խրախուսելով կողմերը հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Հրատապ է լուծում գտնել այդ շրջանի բնակիչներու ողբերգական մարդասիրական իրավիճակին, խթանել տեղահաններուն վերադարձը իրենց տուները, օրինականութեան եւ անվտանգութեան մէջ ու յարգել այնտեղ ներկայ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը: Այս քայլերը կարող են նպաստել երկու երկրներու միջև վստահութեան մթնոլորտի ձևաւորման՝ ի տես այնքան ցանկացուած խաղաղութեան»։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նորոգուած կոչն է սա` զոր Ան ուղղեց այսօր, Երկուշաբթի 8 Յունուար 2024ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումին` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի շնորհաւորութիւնները փոխանցելու առիթով։
Արդարեւ այս երկրորդ անգման է` որ Նորին Սրբութիւնը այսպիսի կոչ մը կ՛ուղղէ պահանջելով արցախահայութեան տուն վերադարձը, «օրինականութեան եւ անվտանգութեան» մէջ։ Առաջինը եղաւ անցեալ 25 դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնի «Ուրպի Էթ Օրպի» ուղերձի ժամանակ։
Սովորութիւն է` որ Քահանայապետերը ամէն տարուայ սկիզբը հանդիպում ունենան ու ողջունեն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ու դիւանագիտական մարմնի անդամները։
Կարդացեք նաև
Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող երկիրներուն թիւը 184 է, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը եւ Մալթայի Ասպետական կարգը։ Այդ երկիրներէն 91 ունին Հռոմի մէջ նստավայր, որոնց շարքին է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպանութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան