Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժամանակը սկսած է ճնշել: Ազգային ուժերու դաշինքով պէտք է հետապնդել պետական մեքենան ճիշդ հունի մէջ դնելու աշխատանքը. «Հայրենիք»

Հունվար 08,2024 11:11

Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը մօտալուտ է. տրամաբանական է մտածել, որ այդպիսի համաձայնութեան մը անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի հայ-թրքական համաձայնութեան մը կնքումը` կանխատեսելի պարունակութեամբ: Այդպիսի համաձայնութիւններու յանգման պարագային դժուար չէ նախատեսելը, որ շուրջ երկու դարերու գոյութիւն ունեցող Հայկական հարցի լուծումը ցարդ կ՛ընթանայ դէպի համաթրքական կողմի վերջնական յաղթանակի ուղղութեամբ: Միամտութիւն է հաւատալ, որ թրքական խնամատարութեան տակ հայկական պետականութիւն կարելի է պահել:

Հետեւաբար ազատագրական պայքարը կ՛ենթադրէ միաժամանակեայ երկու ճակատ. ներքինը` սրբելու եւ արմատական կերպով ջնջելու օտարամուտ, ապազգայինը քաջալերող գաղափարները, որոնց քարոզչութիւնը յատկապէս հայրենիքէն ներս ամլացուցած է ազգաբնակչութեան մէկ զգալի մասի ինքնապահպանման բնազդը: Երկրորդ` արտաքին ճակատին վրայ ուժական ներկայութիւն դառնալու համար կարեւոր է բոլոր ազգային ուժերու միաւորումը, նկատի ունենալով ներքին ճակատին վրայ գոյութիւն ունեցող երկուութիւնը եւ ատկէ յառաջացող արտաքին ուժերը չէզոքացնելու համար տարուող պայքարի յաւելեալ դժուարութիւնը:

Մէկ խօսքով, հարկ է ազգին վերադարձնել իր կորսնցուցած զանգուածին կարելի եղածին չափ մեծ մասը` միաժամանակ կասեցնելով շարունակուող արիւնահոսութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը ապազգայնացնելու քարոզչութիւնը հիմնուած է առաւելաբար սուտերու տարափի մը վրայ, որուն վնասը չէզոքացնելու համար հարկ է մեծ արագութեամբ չէզոքացնել սուտերու ազդեցութիւնը եւ այդ ազդեցութիւնը երկարաձգող խմբաւորումներն ու մանաւանդ` անոնց միջոցներն ու մատակարարման աղբիւրները: Սայթաքած ժողովուրդի զանգուածը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տասնամեակին:

Ազգային ուժերու դաշինքով պէտք է հետապնդել պետական մեքենան ճիշդ հունի մէջ դնելու աշխատանքը, որուն համար կարեւոր է իշխանութեան գլուխը անցնիլը: Անհրաժեշտ է արագօրէն նորոգել պետական մեքենան, որուն կարողականութիւնը լրջօրէն պակսած է վերջին հնգամեակի ընթացքին. երկրի մը միանձնեայ կառավարումը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ ՀՅԴ-ն իշխանութիւն բանեցնելու մոլութենէն զերծ է: Ատիկա փաստուած է ՀՀ-ի նորագոյն պատմութեան ընթացքին. ան միակ կուսակցութիւնն է, որ մաս կազմած է կառավարական դահլիճներու եւ յաճախ` հրաժարած անոնցմէ, երբ իր հայեցողութեան հակառակ որոշումներ կայացուած են կառավարութիւններու կողմէ: Մոռցուած չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած է Քաղաքացիական պայմանագրի առաջին կառավարութեան եւ, կարճ մասնակցութենէ մը ետք, հրաժարած ատկէ անոր նպատակները շատ արագ ըմբռնած ըլլալով. իսկ 2018-ի իշխանափոխութենէն տարին չամբողջացած հրապարակային կերպով զգուշացուցած է կառավարութիւնը, որ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի անկում: Նոյն շրջանին ՔՊ իշխանութիւնը ապօրինի եւ հակասահմանադրական գործելաձեւով կը փոխէր Սահմանադրական դատարանի բաղադրութիւնը` իր պաշտօնավարութեան աւարտի ծրագիրներու հեզասահ իրականացումը ապահովելու հեռանկարով:

Ժամանակը սկսած է ճնշել: Շուտով անդունդի եզրէն ետդարձը անկարելի կը դառնայ: Որեւէ վայրկեանի Հայաստանին կրնայ պատահիլ այն, ինչ որ պատահեցաւ Արցախին` աշխարհի աչքերուն առջեւ, ապշահար հայութեան նայուածքներուն տակ եւ ՀՀ իշխանութեան զայրացնող անտարբերութեան ուղեկցութեամբ:

Փրկութեան յոյսը ազգային ուժերու միասնութեան եւ անոնց մարտունակութեան համադրեալ դրսեւորումին մէջ կը կայանայ:

Կարգը ազգային գիտակցութեան տէր դիմադրութեան է:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031