Անձնատուութեան (կապիտուլյացիա) հետեւանքով Արցախի յանձնումը, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակումը, շղթայազերծուած պատերազմը եւ բռնի տեղահանութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեծագոյն հարուածն էր համայն հայութեան:
Անձնատուութիւնը միայն հողային զիջումն ու գերիշխանութեան կորուստը չեն, թէկուզ իրենց ահաւորութեամբ:
Անձնատուութեան գերագոյնը` հայկականութեան արժէքէն զիջումն է:
Ու տարիներու թաւալումին հետ կը զիջինք ամէնուրեք, ամէն մարզի մէջ:
Հետեւողական զիջումներն են հաւաքական մեր անձնատուութեան հիմնական պատճառները:
2024-ը անձնատուութիւնը մերժելու, անձնատուութիւնը յաղթահարելու, դիմակալելու տարին դարձնենք:
Պղպջակային, յաւուր պատշաճի ճառերէ անդին, լուրջ, գիտակցուած, հետեւողական, ծրագրուած ռազմավարութիւն մը միայն կրնայ թումբ կանգնիլ մեզ մաշեցնող սահանքին դիմաց:
Պատմական պատասխանատուութեան դիմաց ենք բոլորս:
Կամքը ունենանք անձնատուութենէն դուրս գալու եւ հայկականութեան պատերազմը շահելու:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: