Պատշաճութիւնը կը պահանջէ, եւ փրոթոքոլն ալ կը հետեւի անոր, որ երկրի աշխարհիկ ղեկավարի ուղերձէն առաջ, հեռարձակուի վեհափառ հայրապետի ուղերձը:
Ինչ որ եղաւ քանի մը օր առաջ, այսինքն՝ հոգեւոր առաջնորդի պատգամին լուսանցքայնացումը՝ լուրջ հարուած մըն է պետութեան, պետականութեան, հայոց պատմութեան եւ դեռ աշխարհի ամենահին քրիստոնեայ երկրին։
Դէպք մը, որ վստահաբար ընդվզում կը յառաջացնէ մինչեւ իսկ տարին հազիւ քանի մը առիթներով եկեղեցի այցելողին։
Ազգային արժէքներու ոտնահարման այս ու նմանօրինակ արտայայտութիւնները շատ աւելի մեծ հարցականներ կը ստեղծեն, թէ արդեօք «Իմ Քայլ»-ական ղեկավարութիւնը մեծամոլութենէ եւ հալածախտէ՞ կը տառապի։ Կացութիւն մը, որ սկսած է յիշեցնել Ռումանիոյ երբեմնի բռնապետ Չաուչեսքուն, որուն գնդակահարման տարեդարձը նշուեցաւ Դեկտեմբերին։
Կարդացեք նաև
19 Բաղրամեանի վարձակալները յայտնապէս գիտէին, թէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ, սովորական արտայայտութիւններու կողքին, յատուկ տեղ պիտի տրամադրէր Արցախին։ Պատգամէն մէջբերենք հետեւեալը եւ ընդգծենք․- «Հոգածու սիրով շրջապատենք Արցախից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերին ու եղբայրներին, նրանց մէջ առատացնենք յոյսը, որ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը․․․»: Այս խօսքերը այդ օր՝ 31 Դեկտեմբերին «անյարիր» պիտի նկատուէր թեթեւսոլիկութեամբ վարակուած՝ Հիւսիսային պողոտայի եւ անմիջական մօտակայքի «ման եկող»-ներուն կողմէ, որոնք այլեւս շատ ալ չեն թաքցներ թշնամիին հաճոյակատարութեան իրենց մոլուցքը…։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում