Այսօր՝ Հինգշաբթի, 4 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Հէրվէ Մակրօն։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան առնչուած հարցեր, որոնց շուրջ տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում։
Նկատի ունենալով, որ դեսպան Մակրօ ծնած է Թուրքիա եւ իր ծննդավայրին մէջ նախապէս նշանակուած է դեսպան, հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-թուրք յարաբերութեան, Ֆրանսայի ու հայ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի զօրակցութեան՝ Հայաստանի, Արցախի ու ընդհանրապէս ազգային պահանջատիրութեան գծով։