Vaticannews. Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան անդամները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուեցան իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով խաղաղութիւն հայցող պաստառներ ու նաեւ այն երկիրներուն անունները, որոնք խաղաղութեան կարիքն ունին։ Անոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանը։
Սրբազան Պապը հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ապա Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրեց` որ իր «մայրական բարեխօսութեամբ թիկունք կանգնի առաջադրանքին ու յանձնառումին` ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ, ամէն օր, նաեւ այս նոր տարուայ իւրաքանչիւր օր», շեշտեց Սրբազան Պապը «խաղաղութեան գործիչներ, Խաղաղութիւն տանիլ» յարեց Ան ու խօսքը աւարտեց ինչպէս միշտ աղօթքներ խնդրելով իրեն համար։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: