vaticannews. Վատիկան Նիուզի գործնըկերուհի` Ֆրանսական բաժնի թղթակից Մարին Անրիոն Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ եւ պատերազմի պատճառով Արցախէն տեղահանուածներու իրավիճակն իրազեկելու նպատակով զրուցած է Գիւմրի քաղաքի մանկատունը ղեկավարող Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան երեք միանձնուհիներուն հետ, որոնք կը ձգտին մխիթարել յատկապէս տեղահանուած երեխաներուն։ Քոյր Նարինէն նշած է, որ մանուկներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ մանկատան հոգեբանները, քանի որ, անգամ Լեռնային Ղարաբաղէն աշխարհագրօրէն հեռու Գիւմրիին մէջ ալ, ուր ամէնուր զինուորներ կան, դժուար է մոռնալ պատերազմը։ «Կը ցանկանայինք, որ երեխաները մոռնան պատերազմը, բայց այդ մէկը դիւրին չէ» ըսած է Ան։
«Ամէն բանէ առաջ մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»
Հայ միանձնուհին ապա տեղեկացուցած է, որ տօներուն կը նախատեսեն մանկատան մէջ հիւրընկալել 300էն աւելի մարդ, որոնցմէ շատերը Լեռնային Ղարաբաղէն են։ Կը ծրագրուին Սուրբ Ծննդեան տեսարաններ, ճաշկերոյթներ, զուարճութեան պահեր երեխաներու համար, որոնք Սուրբ Ծնունդը կը նշեն երկու անգամ՝ Դեկտեմբերի 25ին և Յունուար 6ին՝ ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան։ «Այս փաստը խնդիր չ’առաջացներ մեր ընտանիքներու համար եւ շատ լաւ ըմբռնում կայ տարբեր ծէսերու միջեւ», ժպտալով նկատած է քոյր Նարինէն, որ անմիջապէս յետոյ ընդգծած է` թէ մանուկներուն հետ միայն մէկ ցանկութիւն ունի 2024թ.-ի համար. «Ամէն բանէն առաջ մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Բոլորը խաղաղութիւն կ’ուզեն»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: