Հայ եւ ռուսական յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ։ Պաշտօնական Երեւան չի մասնակցիր Ռուսիոյ հովանաւորած կազմակերպութիւններուն հանդիպումներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներու թէ ղեկավարներու մակարդակներով հանդիպումները վերջին շրջանին չեն գումարուիր։ Այս լարուածութեան դրդապատճառներուն մասին Երեւանի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն հրապարակումներն ալ իրարմէ կը տարբերին եւ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր տեսակէտը տարածել, թէ ինչու վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հասած են այնպիսի վիճակի մը, որ կը յուշէ յաւելեալ լարուածութիւն եւ տարակարծութիւն՝ հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական միջավայրին մէջ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայն, Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները քննութենէ մը կ՛անցնին, որովհետեւ Արեւմուտքը կը ջանայ զանոնք խաթարել եւ պառակտել Հայաստանն ու Ռուսիան՝ սեպեր խրելով դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ։ Ասիկա է ռուսական կողմին պաշտօնական բացատրութիւնը, որուն դիմաց Երեւանի իշխանութիւնները այլ դրդապատճառներ կը նշեն։ Առաջինը կը վերաբերի անցեալ տարի ատրպէյճանական ուժերուն Հայաստանի դէմ կատարած գործողութիւններուն, որուն նկատմամբ Ռուսիոյ գլխաւորած՝ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը քար լռութիւն պահեց եւ քաղաքական դատապարտանքի չենթարկեց ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն Հայաստանի վրայ յարձակումը, պատճառաբանելով, որ խնդիրը սահմանային վէճի պարունակի մը մէջ կ՛իյնար։
Պաշտօնական Երեւան նաեւ կը խօսի Ռուսիոյ հետ ապահովական բնոյթի դաշնագրերու գործադրութեան ձախողութեան մասին, որ յուսախաբութիւն պատճառած է հայկական կողմին։
Հայ եւ ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացման այլ դրդապատճառ մը Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ կը համարուի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն կէտերուն մեծամասնութիւնը մնաց թուղթի վրայ։ Օրինակ այլեւս գոյութիւն չունին Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծը եւ Բերձորի միջանցքը։ Ամբողջութեամբ լուծուած չէ նաեւ հայ ռազմագերիներու խնդիրը։
Կարդացեք նաև
Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Արեւմտեան որոշումներու մայրաքաղաքներուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման ենթահողին վրայ, այս օրերուն քննարկման առարկայ է նաեւ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միջեւ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգի ստեղծման հարցը։ Քննարկումները կատարուեցան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին, որմէ բացակայեցան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահը եւ պատգամաւորական պատուիրակութիւնը, մինչ ռուսական հաւաստի աղբիւրներ կը պնդէին, որ հայկական պաշտօնական պատուիրակութեան բացակայութիւնը պիտի չազդէ Հակօդային Պաշտպանական Համակարգ ստեղծելու որոշման վրայ։ Այս ծիրին մէջ պէտք է ընդգծել, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի համաձայնագիր՝ Հակօդային միացեալ համակարգի մը մասին։ Համաձայնագիրը կնքուած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երեք ամիս առաջ՝ Դեկտեմբեր 23, 2015-ին։ Այդ օրերուն ալ ատրպէյճանական դիրքերէ կը ռմբակոծուէին Հայաստանի Տաւուշի մարզի Պաղանիս եւ Ոսկեպար գիւղերը։ Սակայն այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ կնքեց համաձայնագիրը, համակառակ անոր որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր ընդդիմութիւն, թէ այսպիսով Հայաստան կը զիջի իր ինքնիշխանութենէն։Պէտք է աւելցնել, որ հայեւռուս միացեալ այս համակարգը չգործեց Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, հակառակ անոր որ ատրպէյճանական կողմը հայաստանեան տարածքներ ալ ռմբակոծեց։ Աւելին։ Ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ գրաւեցին ինքնիշխան Հայաստանի տարածքներ եւ ռուսական կողմը մնաց դիտողի կարգավիճակի մէջ։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում