Դաժան եւ ստիպողական պայմաններու մէջ ստեղծուած, աւելի՛ն, տարապայմանօրէն ծաւալած էր Սփիւռքը, ուր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հիմնարկներ ոգի ի բռին գործի լծուեցան, փրկելու համար օտարութեան հալոցին դռները թակող հայորդին։
Այսպէս, 1920-ականներէն սկսեալ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերով ուռճացած սփիւռքի մը ծննդոցին ականատես եղանք, որ անիկա մերթ տուայտանքով եւ մերթ կաղալով գործեց, հասնելով Եւրոպա եւ Նոր Աշխարհ՝ իր հիւսիսային եւ հարաւային ցամաքամասերով, աւելի ուշ՝ նաեւ Աւստրալիա եւ այլուր։
21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի վերանկախացում եւ․․․ Անկէ ասդին, աւելի քան 32 տարի թաւալած է եւ հայրենի հողերէն գաղթը կը շարունակուի, որուն դիմաց, նոյն տարիներու ներգաղթը կարելի չէ նժարի վրայ դնել եւ բաղդատել։ Ոչ մէկ բան փոխուած է, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք իսկ, գաղթը «դուխով» կը շարունակուի։ Այս բոլորին մէջ, պատմական եւ բացառիկ նիւթ է այն, որ քանի մը ամիս առաջ, ահաւոր ու դժնդակ պայմաններու մէջ, աւելի քան հարիւր հազար արցախահայերու տեղահանութիւնը․․․դէպի Հայաստան, իսկ անկէ ալ, հիմա արդէն՝ դէպի այլ երկիրներ։
Յաճախ կը խօսուի Սփիւռք–Հայաստան–Արցախ եռամիասնութեան մասին։ Գոնէ ներկայ փուլին, պէտք է իրատես եւ իրապաշտ ըլլանք։ Այսօր, Արցախը ժամանակաւորապէս կորսուած է, իսկ Հայաստան–Սփիւռք փոխյարաբերութիւնները ծանրօրէն վնասուած են, վտանգուա՛ծ են։ Սփիւռքի նախարարութիւնը «թաւշային» ոճով չքացած է, Սփիւռքի գործակատարն ալ գիտե՛նք թէ ինչ(եր) կ’ընէ, իսկ գաղութները իրողապէս մատնուած են կիսատ-պռատ ապակեդրոնացեալ գործելու վիճակի:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: