Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւելք-արեւմուտք կապ մը ըլլալու «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի յաւակնութիւնը համաթուրանականութեան իսկական վտանգի մը ահազանգը կրնայ հնչեցնել. «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 18,2023 10:16

«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին համար օգտագործելի բոլոր ուղիները, անոնք ըլլան ցամաքային ճանապարհներ, երկաթուղիներ, ելեկտրալարեր թէ խողովակաշարեր, տարածուած եւ երկարած պիտի ըլլան դէպի տարբեր երկիրներ, որոնց լիազօրութիւններուն եւ հսկողութեան տակ պիտի ըլլան տուեալ միջոցին այն բաժինը, որ կ՛անցնի համապատասխան երկրին հողամասերէն։ Ասիկա բնականաբար կ՛ենթադրէ յատուկ ծառայութիւններ, մաքսավարչական դրութիւն եւ հսկողութիւն։ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան անդամ, դաշնակցական պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեանի համաձայն, ընդհանուր դրութեան վերոյիշեալ բաժնին ապահովական վտանգները լաւապէս հաշուարկուած չեն եւ ասիկա որոշ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ՝ ընդհանուր դրութեան հեզասահ աշխատանքին կապակցաբար։

Այս ծրագիրը համաթուրանականութեան նախագիծ մը համարելով՝ Խաչատրեան նկատել կու տայ, որ անիկա պարտադրուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, որպէսզի թրքախօս եւ թրքացեղ ժողովուրդները Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի արեւմտեան շրջանները ցամաքային միջոցներով իրարու կապուին։ Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ հինգ անցակէտեր բանալու։ Տաւուշի մարզի Կայան, Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Սիւնիքի մարզի Քարահունչ եւ Անգեղակոթ, իսկ Արարատի մարզի Երասխ համայնքներուն մէջ։ Նաեւ՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ երկու անցակէտ, Ախուրիկի եւ Մարգարայի մէջ։ Հայաստանի իշխանութիւնները նաեւ կը ծրագրեն վերաբանալ եւ վերաբանեցնել երկաթուղիի չորս կայաններ՝ Ագարակ- Նռնաձոր եւ Երասխէն Նախիջեւան հատուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Գիւմրիէն դէպի Թուրքիա եւ Հրազդանէն դէպի Տաւուշի մարզի Կայան համայնք։Խաչատրեան կը բացատրէ, որ ատրպէյճանցիները կրնան որեւէ պահու փակել ուղիները՝ ահաբեկչական սադրանքներ կազմակերպելէ ետք։ Ապա, պատճառաբանելով,որ իրենց հողամասերուն վրայ ահաբեկչական յարձակումներ կատարուած են, կրնան զօրամիաւորումներ Սիւնիք առաքել եւ հայկական հողեր թափանցել։

«Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին իսկական դրական եւ ժխտական կողմերը ժամանակի ընթացքին երեւան պիտի գան, եթէ անշուշտ անոր գործադրութիւնը իրականութիւն դառնայ։ Բայց արեւելք- արեւմուտք կապ մը ըլլալու անոր յաւակնութիւնը համաթուրանականութեան իսկական վտանգի մը ահազանգը կրնայ հնչեցնել։ Ասիկա ալ առաւել յստակ պիտի դառնայ ժամանակի ընթացքին։

Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031