Ազրպէյճանի մէջ լիբանանահայ կալանաւոր Վիգէն Իւլճէքեանի ընտանիքին յայտարարութիւնը.
Անցեալ Հինգշաբթի օր կատարուած, Հայաստանի և Ազրպէյճանի համատեղ յայտարարութեան հրապարակումէն, որուն միջոցաւ պարզ դարձաւ, որ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է կողմերուն միջեւ, ըստ որուն Պաքուն ազատ պիտի արձակէ 32 հայ կալանաւորներու (26 զինուորական և 6 քաղաքացիական անձ), Երևանի կողմէն երկու Ազրպէյճանցի զինուորներու ազատ արձակման դիմաց, մեզի մէկէ աւելի կողմեր տեղեկացուցին, որ 2020 թուականի Նոյեմբերէն ի վեր կալանաւորուած Վիգէն Իւլճէքեանի անունը ներառուած է ազատ արձակուողներու ցուցակին մէջ, որ նաեւ հրապարակուեցաւ զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ:
Սակայն այսօր, կէսօրէ առաջ մենք զարմանքով տեղեկացանք, որ փոխանակուածներուն մէջ Վիգէնը պիտի չըլլայ, և անոր անունը փոխարինուած է մէկ այլ հայ գերիի անունով։ Արդարեւ յետմիջօրէին փոխանակման գործողութեան իրականացմամբ մենք հասկցանք, որ Վիգէնը չկայ ազատագրուած գերիներուն շարքին մէջ:
Այս առիթով մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր շահագրգիռ երկրներուն և մարդասիրական հաստատութիւններուն, որոնց մէջ առաջինը կու գայ Լիբանանը, որուն զինուորական հաստատութեան զաւակն էր Վիգէնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, աշխատիլ՝ արագ կերպով ներառել Վիգէնի անունը այս փոխանակման յաջորդող ազատ արձակման առաջին իսկ գործարքին մէջ:
Կարդացեք նաև
***
ԶԱՐԹՕՆՔ իր կարգին իր ձայնը կը միացնէ Լիբանանահայ յուսախաբ ընտանիքին ձայնին, կոչ ուղղելով առնչուած կողմերուն ամէնաշուտ առիթով զինք սպասող իր ընտանիքին գիրկը վերադարձնելու Վիգէնը: Նոյն առիթով կոչ կ՛ուղղենք նաեւ լիբանանահայ կողմերուն անտեղի շուտիկութեամբ մը ինքնահաստատման կամ ժողովրդայնական պահուածքէ հեռու մնալ ու անձնական նկատառումներով չօգտագործել Հայ ընտանիքի մը ողբերգութիւնը: