Vaticannews. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մեքսիքական N+ հեռուստակայանի տուած բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին լրագրող Վալենթինա Ալազրաքիին յայտնած է թէ ինք «Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ պատրաստել տուած է իր գերեզմանը, իր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր նկատմամբ ունեցած ջերմեռանդութեան համար»։ Ալազրաքիի հաղորդագրութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը նշած է` թէ «երբ ծերութիւնն ու սահմանափակումներ կը յայտնուին պէտք է պատրաստուիլ» եւ «ասոր համար է որ հանդիպեցայ արարողապետին հետ աւելի պարզ դարձնելու համար քահանայապետական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը» որոնք «պիտի ըլլան շատ պարզ, եւ ես պիտի տամ այն նոր ծիսակատարութեան մեկնարկը», նշած է ժպիտով Նորին Սրբութիւնը։
Հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ յառաջիկային նախատեսուած ճամբորդութիւններու մասին` որոնցմէ յիշեց Պելկիան, ու այս ուղղութեամբ հաստատեց թէ հրաւէր ստացած է Արժանթինը այցելելու, նաեւ Արժանթինի նոր նախագահին կողմէ, թէեւ ան ընտրապայքարի ժամանակ վիրաւորական խօսքերով արտայայտուեցաւ Քահանայապետի մասին, ««այն, ինչ որ ըսուած է նախընտրական քարոզարշավի ժամանակ, ինքնին աւարտած է» ըսաւ Քահանայապետը մեկնաբանելով վերոնշեալ խօսքերը։
Ռոպէր Աթթարեան