Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թշնամին Ի՞նչ Գին Պիտի Պահանջէ Ազատ Արձակելու Համար Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը

Դեկտեմբեր 10,2023 22:44

Վերջին օրերուն հայկական լրատուաշխարհը տարածեց տեղեկութիւն մը, որ քաղուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աշխատակազմի կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութենէն: Յայտարարութիւնը ի միջի այլոց կը յայտնէր, որ «Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ պիտի արձակէ 32 հայ զինծառայող»:

Այս լուրին անմիջապէս յաջորդեց ցուցակ մը, ուր նշուած էին ազատ արձակուող 32 հայորդիներուն անունները:

Բնականաբար կարելի չէ, չուրախանալ ու ի սրտէ չշնորհաւորել հազար արհաւիրքէ անցած ու թշնամի ճիւաղին ճանկերուն մէջ գերութեան դառն բաժակը ճաշակած մեր հոգեհարազատ տղաներն եւ անոնց ծնողներն ու սիրելիները, իրենց ողջ առողջ մօտակայ վերադարձին համար: Ի դէպ նոյն ցուցակին մէջ կարդացինք նաեւ, Պաքուի մէջ բեմադրուած դատավարութեամբ մը երկար տարիներու բանտարկութեան դատապարտուած՝ լիբանանահայ բազմաչարչար Վիգէն Իւլճէքեանի անունը, որ իր կարգին, մեզի կրկնակի ուրախութիւն պատճառեց:

Սակայն այս ուրախ լուրին «մետաղադրամին» միւս կողմը նայիլը չափազանց կարեւոր է: Նշեալ յայտարարութիւնը կը պարունակէ սոյն գործարքին տուն տուող ենթահողը, այլ խօսքով՝ պազարը, որն է «Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի Մասնակիցներու խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») հիւրընկալելու նպատակով ազրպէյճանի հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ազրպէյճանի հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս պիտի աջակցին հիւրընկալելու նպատակով ազրպէյճանի հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին»:

Այսինքն,  պատերազմ վարելու, նուազագոյնին մէջ իր ապիկար գործունէութեան պատճառով գերեվարուած ու պատանդ տարուած, իր իսկ գլխաւորուած երկրին քաղաքացիները ազատագրելու աշխատանքը, ընդամէնը աժան պազարի մը ու զիջողութեան արդիւնքն է, եւ ոչ պատանդներ ազատագրելու զինեալ յատուկ գործողութեան մը կամ դիւանագիտական լուրջ եւ երկարաշունջ աշխատանքի: Աւելին, այս գործարքը նոյնիսկ կը հակասէ, թէկուզ չարաբաստիկ ու նողկալի, Նոյեմբեր 9ի փաստաթուղթին կողմերուն վրայ պարտադիր այն կէտը, որուն որպէս արդիւնք պէտք է երեք տարի առաջ ազատ արձակուէին 44օրեայի ռազմագերիները: Աւելի եւս ամօթալին այն է, որ Հայաստանի խաղաղութիւն մուրացող իշխանութիւնները այս առիթով իրենց իսկ  հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ազատ արձակուողներուն համար օգտագործած է կամ յօժարած է օգտագործել «զինծառայող» բառը, փոխանակ այս պարագային համար աւելի քան լիարժէք «ռազմագերի» բառ-հասկացողութեան: Կրաւորականութեան այլ չափանիշ մը, որ նաեւ կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը:

Այս պայմաններով իսկ ի կատար արուած սոյն գործարքը, պարզ է, որ Հայաստանի ոչ բարով իշխանութիւնները, առաւելագոյնս պիտի օգտագործեն իրենց ցեխոտած վարկը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ իրենց յառաջ քշած «խաղաղութեան» թեմայի իբր թէ օգտաշատութիւնը քարոզելու, յաչս իրենց բարեմիտ ընտրական մասսային: Այն ամբոխին, որ տակաւին աներեւակայելի հաւկուրութեամբ մը կը շարունակէ «ուտել» իր առջեւ դրուած ամէն «կորեկ»:

Այս նոյն միջոցին, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածեցին տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, վերջերս Պաքուի մէջ 18 տարուայ ազատազրկութեան դատապարտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ Գագիկ Ոսկանեանը, որ թշնամիին կողմէ գերեվարուած էր հայոց Ջերմուկի դիրքերէն: Լա՛ւ կարդացէք. ՀՀ սահմաններուն մէջ ինկող  Ջերմուկէն, եւ ոչ թէ ազերիական յորջորջումով, իրենց պատկանող Արցախէն: Իսկ թէ, ի՞նչ գործ ունի ազերիական բանակը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներէն ներս, մէկ ալ այնտեղէն մարդ գերեվարելու համարձակութիւնն ու կարողութիւնը ունենալով, ահա ա՛յս է հարցումը: Այս մասին ի՞նչ ունի ըսելիք արդեօք իր իսկ երկրին տարածքները բարձիթողի վիճակի մատնած այդ նոյն  վարչապետին աշխատակազմի ղեկավարութիւնը…:

Այս ամէն ինչին, որպէս աւարտական միտք, ամենակարեւոր հարցումը կը մնայ հետեւեալը. Եթէ մենք միջազգային հարթակներու վրայ նման զիջում պիտի ընենք ու գին վճարենք մեր «զինծառայող» շարքային տղոց տուն վերադարձին արդարացի եւ մարդկային իրաւունքին համար, հապա  ի՞նչ գին պիտի պահանջէ թշնամին, ազատ արձակելու համար Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

Արդեօ՞ք այս պարագային, Սիւնիքը պիտի ըլլայ, մեր վճարելիք գինը…:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031