Կիրակի` 10 դեկտեմբերի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներուն որուն սկիզբը կոչ ուղղեց ի նպաստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապա ողջունեց «զգալի թիւով հայ եւ ազէրի գերիներու բանտարկեալներու ազատ արձակումը»։
«Մեծ յոյսով կը նայիմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դրական նշանին, եւ կողմերը ու անոնց ղեկավարները կը քաջալերեմ, որ հնարաւորինս շուտ կնքեն խաղաղութեան պայմանագիրը»,- ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։
Այս խօսքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ` 75 տարիներ առաջ` 10 դեկտեմբեր 1948, կը ստորագրուէր Մարդկային Իրաւունքներու Տիեզերական հռչակագիրը, նշելով` որ Ան նման է «մայր ճանապարհի, որու վրայ բազմաթիւ քայլեր կատարուեցան դէպի առաջ, սակայն բազմաթիւ այլ քայլեր կը պակսին, և ցաւօք երբեմն ետքայլ կը կատարուի։ Մարդու իրաւունքներու ի սպաս յանձնառումը երբեք աւարտած չէ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, մօտիկութիւն արտայայտելով բոլոր անոնց որոնք առօրեայ կեանքին մէջ կը պայքարին եւ անձամբ կը նուիրուին պաշտպանելու համար իրաւունքը անոր` որ կարեւոր չէ։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում