Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները ներկայիս բաւական լարուած են։ Պատճառը Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմական վերջին գործողութիւններն են, որոնց իբրեւ հետեւանք Արցախը քանի մը շաբթուան ընթացքին ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ։ Ամերիկացիք նաեւ դժգոհ են,որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները յառաջ չեն երթար՝ իրենց միջնորդութեամբ ամերիկեան ու եւրոպական հարթակներու վրայ։
Արցախի վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած հակահայ քաղաքականութեան պաշտօնապէս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն, որ յայտարարեց, թէ Արցախի դէմ պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն եւ յարձակումներէն ետք Միացեալ Նահանգներ – Ատրպէյճան յարաբերութիւնները բնական չեն կրնար շարունակուիլ, այնքան ատեն որ նաեւ յառաջխաղացք չկայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ։ Ամերիկեան բացայայտ դժգոհութիւններուն պատճառով ալ ջնջուեցան ամերիկացի կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Ատրպէյճան այցելութիւնը՝ դատապարտանքի յայտարարութիւններ հրապարակելով Արցախի հայաթափման պատճառ հանդիսացող ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն կապակցաբար։
Ուաշինկթընի վարչակարգին որդեգրած այս քաղաքականութեան ծիրին մէջ ուժի մէջ մնաց նաեւ Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւն տրամադրող՝ թիւ 907 օրինագիծը, որովհետեւ ըստ ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ օրէնսդիրներուն, Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ընդհանուր քայլերուն պատճառով ոչ մէկ բարելաւում արձանագրուած է իրավիճակին մէջ։ Թիւ 907 օրինագիծին պահպանման զուգահեռ, ամերիկեան Ծերակոյտը առաւ կարեւոր քայլ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ամերիկացիք որքան յանձնառու կը մնան Արցախի դէմ գործադրուած ատրպէյճանական քաղաքականութեան դէմ ազդու ձայն մը ըլլալու իրենց յանձնառութեան մէջ։ Ծերակոյտին մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուեցաւ «Հայերու Պաշտպանութեան Աքթ»-ը, որ եթէ օրէնքի վերածուի, ամբողջութեամբ պիտի արգիլէ Ատրպէյճանի յատկացուելիք զինուորական բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները։ Օրէնքի վերածուելուն պարագային, զայն ջնջելու կամ վերատեսութեան ենթարկելու հոլովոյթը կարիքը ունի օրէնսդրական բաւական բարդ գործընթացի մը, որ կրնայ երկար ժամանակ տեւել։
Ամերիկեան այս քայլերուն դիմաց Ատրպէյճան բնականաբար ձեռնածալ եւ լուռ պիտի չմնար։ Առաջին հերթին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ, որ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած պաշտօնատար մըն է, յայտարարեց, որ պէտք է արգիլել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Ատրպէյճանի մէջ աշխատանքները եւ ծրագիրները, որովհետեւ, ըստ Հաճիեւի, գործակալութիւնը լրատու որոշ աղբիւրներու միջոցով երկրին մէջ հակաատրպէյճանական գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Ան նաեւ լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանեց անցեալ ամիս ձերբակալուած ատրպէյճանցի հինգ լրագրողներ, որոնք ընդդիմադիր Ապսազ Մէտիա լրատուական կայքին աշխատակիցներէն են։ Անոնք վերջերս չէին ընդառաջած Արցախի մէջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն «իրագործումները» գովաբանելու Պաքուի իշխանութիւններուն յանձնառարականներուն, այլ բացայայտած էին Արցախի մէջ փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներ, որոնց հերոսները Ալիեւի երկու դուստրերուն մօտիկ անձնաւորութիւններ են։ Ըստ Հաճիեւի, Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր ենթակայ է Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիինկին ճնշումներուն եւ հակաատրպէյճանական գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում