Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այս յաջորդականութեամբ, Ալիեւը ըսել կ՛ուզէ, որ իրենք լուծած են Արցախի հարցը եւ հիմա անցած Նախիջեւանը Ազրպէյճանին կապելու օրակարգին. «Ազդակ»

Դեկտեմբեր 08,2023 11:31

Արցախի հարցով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան լսումներուն առընթեր յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուած էին Ուաշինկթընի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Հասցէական սուր քննադատութիւններու դիմաց Պաքուի առաջնորդը նոյնիսկ խօսած էր Ուաշինկթընը  իբրեւ միջնորդ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն չընդունելու մասին:

Իրավիճակ փոխուած է. Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Օ՛Պրայընի Ազրպէյճան կատարած այցելութեամբ: Այս առիթով Ազրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ Ուաշինկթընը, հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները, կրնայ  իր ներդրումը ունենալ խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Այս յայտարարութիւնը փաստօրէն հերքում է նախկին ըսուածին:

Օ՛Պրայընի այցելութիւնը ըստ էութեան նախապատրաստութիւն է ուաշինկթընեան հանդիպումին, միջնախարարական ձեւաչափով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ կը սպասէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախարարներուն Ուաշինկթըն ժամանումին` բանակցութիւնները շարունակելու համար:

Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը կարեւոր է, նախ սպառնալ, որ Ուաշինկթընը պէտք է դուրս գայ միջնորդներու շարքէն, ապա շեշտել Միացեալ Նահանգներու ներգրաւման կարեւորութիւնը խնդիրներու լուծման, յետոյ յիշել ռուսական սահմանապահ զօրքերով Նախիջեւան- Ազրպէյճան կապի վերահսկելիութիւնը:

Այս յաջորդականութեամբ, Ազրպէյճանի նախագահը ըսել կ՛ուզէ, որ իրենք լուծած են Արցախի հարցը եւ հիմա անցած Նախիջեւանը Ազրպէյճանին կապելու օրակարգին:

«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031