Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Համայն հայութեան պարտականութիւնն է մղելու երկիրներուն իշխանութիւնները, դիրքորոշուելու ի նպաստ արցախեան դատին. «Ասպարեզ»

Դեկտեմբեր 06,2023 10:37

Վերջապէս, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրազեկեցին իրենց գործունէութեան շարունակման մասին: Արցախի հարցը չէ փակուած. պարտութենէն եւ աքսորէն ետք, գաղթական դարձած իշխանութիւնը պատասխանատուութիւն կը վերցնէ գործելու ի խնդիր միջանկեալ լուծումի մը, որ գէթ կ՛ապահովէ արցախցիներու բնակեցումը իրենց հողին վրայ, ինչպէս եղած էր խորհրդային շրջանի տարիներուն:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ժխտողական յայտարարութիւններէ ետք, Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը: Պիտի փորձե՞ն արգիլել սկսող գործընթացը, թէ՞ պիտի հանդուրժեն, որ արցախցիները Հայաստանը իբրեւ խարիսխ օգտագործելով հետապնդեն իրականացումը իրենց կենսական շահերուն: Առայժմ, արձագանգ չկայ: Մաղթենք, որ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ հակասութիւններ չյայտնուին, եւ թոյլ տրուի արցախցիներուն ազատօրէն աշխատիլ ի նպաստ արցախեան դատին, որ մէկ մասն է Հայ Դատին:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ուզեն աշխատանք տանիլ միջազգային հարթակներուն վրայ: Այդ հարթակները, աւա՜ղ, զբաղուած են Իսրայէլ-«Համաս» ու Ռուսիա – Ուքրանիա պատերազմներով: Վերջինը կարծես խրուած է դիրքային պատերազմի անվերջանալի ճահիճին մէջ: Իսրայէլ-«Համաս» հակամարտութիւնը տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներու մահուան պատճառ կը դառնայ ու հանգուցալուծման յոյսեր չի ներշնչեր: Երկուքին ալ պարագային, Միացեալ Նահանգները դաշնակից են կողմերէն մէկուն` Իսրայէլին ու Ուքրանիոյ, եւ կը յայտարարեն, որ պիտի չհանդուրժեն իրենց դաշնակիցին պարտութիւնը: Արդարութեան ու իրաւունքին մասին չէ խօսքը, այլ դաշնակիցը նպաստաւորելու մասին:

Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանան միջազգային հարթակներէն մէկը, կարեւորագոյնը հաւանաբար: Այս հարթակները, որոնք կ՛առաջնորդուին իրենց սեփական շահերով, պիտի լսե՞ն Արցախի հայութեան ճիչը: Արդարութեան կողմնակից պիտի ըլլա՞ն:

Համայն հայութեան պարտականութիւնն է, իրենց բնակած երկիրներուն մէջ, մղելու համաշխարհային հարթակին մասնակից երկիրներուն իշխանութիւնները, դիրքորոշուելու ի նպաստ արցախեան դատին:

Տիգրան ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ ««Ասպարեզ»» օրաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031