Վատիկան Նիուզ. Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին յայտնած է, որ անցեալ շաբաթ օրուայ «TAC»ը, այսինքն ` «Համակարգչային շերտագրութեան» քննութիւնը բացառած է թոքախտը, սակայն կայ թոքերու բորբոքում, որ յառաջացուցած է «որոշ շնչառական դժուարութիւններ»։
«Ֆրանչիսկոս Պապին վիճակը լաւ եւ անփոփոխ է, ջերմութիւն չուի, իսկ շնչառական վիճակը ակնյայտօրէն բարելաւման մէջ է», նշած է Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակի մասին տեղեկութիւնները։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: